ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի այս օ­րե­րուն ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Եւ­րո­պա։ Թեհ­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ձեռք բե­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան եւ ա­նոր դէմ սահ­մա­նուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու ջնջման յա­ջոր­դած ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կը զու­գա­դի­պի այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, որ ու­նի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, տասն­վեց տա­րի­ներ վերջ է, որ Ի­րա­նէն նա­խա­գահ մը շրջա­գա­յու­թեան կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Եւ­րո­պա։

Ռու­հա­նիի չորս օ­րուան այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը կը հան­դի­սա­նայ Ի­տա­լիան։ Հռո­մի մէջ ան ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ Ի­տա­լիոյ Նա­խա­գահ Սեր­ճիօ Մա­թա­րել­լա­յի եւ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցիի կող­մէ։ Այս օ­րե­րուն ան կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Վա­տի­կան, ուր կը տե­սակ­ցի Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պին հետ։

Ի­տա­լիա­յէն վերջ Ռու­հա­նի պի­տի անց­նի Ֆրան­սա։ Փա­րի­զի մէջ նա­խա­տե­սուած է իր տե­սակ­ցու­թիւ­նը Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ։

Կը հա­ղոր­դուի, որ Ռու­հա­նիի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան Ի­րա­նէ ներս ներդ­րում­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րը։

Հարկ է նշել, որ Հա­սան Ռու­հա­նիի այս այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նար ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րին, սա­կայն Փա­րի­զի մէջ ապ­րուած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով թուա­կա­նը յե­տաձ­գուած էր։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016