Հայկական-Միջազգային Գործարար Համաժողով Փարիզի Մէջ

Հայ­­կա­կան-մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Փա­րի­զի մէջ, 16 Ապ­րի­լի 2016-ին Westin Paris-Vendôme հիւ­րա­նո­ցին մէջ:

Հա­մա­ժո­ղո­վին նպա­տակն է նոր ո­րակ տալ ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յե­րու մի-ջեւ գոր­ծա­րար յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն:

Յա­ջող փոր­ձով եւ պատ­մու­թեամբ շուրջ հա­րիւր գոր­ծա­րար­ներ պի­տի հան­դի­պին Փա­րի­զի մէջ հի­մը դնե­լու Հայ­կա­կան գոր­ծա­րար գոր­ծա­կա­լու­թեան (Armenian Business Agency), որ պի­տի սկսի գոր­ծել Փա­րի­զի մէջ հա­մա­ժո­ղո­վի յա­ջորդ աշ­խա­տան­քա­յին օրն իսկ՝ Ապ­րիլի 18-ին եւ ո­րուն նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ՝

- Ստեղ­ծել ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ գոր­ծող հայ գոր­ծա­րար ան­հատ­նե­րու ու հա­յա­պատ­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու տուեալ­նե­րու հիմ­քը,

- Ամ­րաց­նել հայ գոր­ծա­րար­նե­րու ցան­ցը,

- Ստեղ­ծել կա­պեր եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն հայ գոր­ծա­րար­նե­րու կամ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու մի­ջեւ,

- Ներգ­րա­ւել բարձր ար­ժէք ու­նե­ցող նոր կամ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող գոր­ծա­րար ծրա­գիր­ներ, ու­սում­նա­սի­րել զա­նոնք եւ նպաս­տել ա­նոնց զար­գաց­ման,

- Գտնել անհ­րա­ժեշտ ֆի­նան­սա­ւո­րում այդ ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար,

- Նոր գոր­ծա­րար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ա­ռա­ջար­կել ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րուն՝ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու ու աշ­խար­հի տար­բեր վայ­րե­րու մէջ,

- Ա­ջակ­ցիլ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի հա­յե­րու զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն:

Ա­սի­կա ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ հայ­կա­կան կա­ռոյց մը բարձ­րո­րակ մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կը ստեղ­ծէ գոր­ծա­րար աշ­խար­հին նուի­րուած գրա­սե­նեակ մը, ո­րուն նպա­տակն է աշ­խա­տիլ տար­բեր զար­գաց­ման նա­խա­գի­ծե­րու վրայ:

Այս գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը բաց պի­տի ըլ­լայ բո­լո­րի հա­մար՝ թէ՛ ան­հատ­նե­րու եւ թէ՛ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու, քա­նի որ մե­ծերն ու նուազ մե­ծե­րը, ծրա­գիր­նե­րու հե­ղի­նակ­ներն ու ներդ­րող­նե­րը միա­սին հայ գոր­ծա­րար հա­մայն­քը ա­ւե­լի կազ­մա­կերպուած եւ հզօր կրնան դարձ­նել:

Այս հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցը բա­ցա­ռա­պէս հայ­կա­կան ուղ­ղու­թիւն չու­նի, քա­նի որ մէկ կող­մէ գոր­ծա­րա­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին սահ­ման­ներ չի ճանչ­նար, իսկ միւս կող­մէ՝ հա­յե­րը միշտ ապ­րած եւ աշ­խա­տած են բաց մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ:

Փա­րի­զի Հայ­կա­կան մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վը եւ Հայ­կա­կան Պիզ­նէս գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը (Armenian Business Agency) բազ­մա­թիւ հայ տնտես­վա­րող­նե­րու ցան­կու­թեան ի­րա­կա­նա­ցումն են, ո­րոնք՝ ան­կախ ան­հա­տա­կան գոր­ծա­րա­րա­կան զար­գա­ցու­մէն, պի­տի նպաս­տեն նաեւ Հա­յաս­տա­նի, ինչ­պէս նաեւ Սփիւռ­քի հա­մայնք­նե­րու զար­գաց­ման:

Հա­մա­ժո­ղո­վի ծր­ա­գի­րը հե­տե­ւեալն է՝

- Հայ-գոր­ծա­րար ցան­ցի ամ­րա­ցում

- Բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծա­րա­րու­թիւ­նը

- Ներդ­րու­մա­յին հիմ­նադ­րա­մի ստեղ­ծում

- 150 մի­լիա­ռնոց գոր­ծա­րա­րու­թեան ծա­ւալ եւ ինչ­պէ՞ս գրա­ւել

- Բարձր ար­ժէ­քա­յին ներդ­րու­մա­յին նա­խա­գի­ծե­րու ներ­կա­յա­ցում

- Քսան եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած գոր­ծա­րար­ներ պի­տի մաս­նակ­ցին այս հա­մա­ժո­ղո­վին: Ե­թէ դուք եւս գոր­ծա­րար էք, ձեռ­նե­րէց կամ գոր­ծա­դիր ղե­կա­վար, դուք նոյն­պէս կրնաք մաս­նակ­ցիլ հա­մա­ժո­ղո­վին նա­խա­պէս ար­ձա­նագ­րուե­լով:

Նոր ծրա­գիր­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը կրնան ներ­կա­յաց­նել ի­րենց նա­խա­գի­ծե­րը: Ընտ­րուած նա­խա­գի­ծե­րը պի­տի ներ­կա­յա­ցուին հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն եւ Le Cercle d’Affaires-ի այլ ներդ­րող­նե­րու ու­շադ­րու­թեան:

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016