ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն ու քարտուղարութեան գլխաւոր պատասխանատուները։
Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը 2018 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ Երէկուան հանդիպումը ձօնուած էր այդ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու մեկնարկին։
Եդուարդ Նալպանտեան Միքայէլ Ժանին տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողվը հիւրընկալելու յանձնառութեան։ Այս նիւթը օրակարգի վրայ եկած է երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է ստեղծել մասնաւոր յանձնաժողով մը, որ պիտի համակարգէ այս գագաթաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին գագաթաժողովի իրականացման հաւանական ժամկէտները, հանգամանօրէն անդրադարձ կատարեցին բովանդակային եւ կազմակերպչական բազմաթիւ հարցերու։
Նալպանտեան եւ Ժան համաձայնեցան՝ յառաջիկային Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական խումբի առաջին առաքելութեան դէպի Երեւան այցելութեան մասին։
Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ այս կազմակերպութեան անցեալ Նոյեմբերին տեղի ունեցած վերջին գագաթաժողովի արդիւնքներուն, ընդունուած որոշումներու իրականացման ընթացքին։ Բաց աստի, կարծիքներ փոխանակուեցան կազմակերպութեան գործունէութեան զանազան ուղղութիւններուն շուրջ։