ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանային նախագահի առաքելութիւնը պաշտօնապէս ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Երէկ, Մոսկուայի մէջ այս առումով կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց ԵԱՏՄ-ի կեդրոնը, ուր ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան հիւրընկալուեցաւ ԵԱՏՄ-ի խորհուրդի անդամներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Տիգրան Սարգսեանի։ Այսպէս, Տիգրան Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ ԵԱՏՄ-ի խորհուրդի անդամներուն հետ ժողով մը։ Յայտարարութիւններ կատարուեցան նաեւ մամուլի համար։

Ներկայացնելով ԵԱՏՄ-է ներս հայկական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները՝ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց շարունակել երրորդ երկիրներու կամ միութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։ Ըստ Փաշինեանի, ԵԱՏՄ-ի համարկման առանցքային ուղղութիւններէն մին է ուժանիւթի բնագաւառը։ Այս ամբողջին մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց աշխուժօրէն աշխատիլ նաւթի, նաւթային յարակից արտադրութիւններու եւ կազի միասնական շուկաներու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ ելեկտրական ուժանիւթի ընդհանուր շուկայի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ։

Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ։

Շաբաթ, Յունուար 26, 2019