ԵՈՀԱՆՆԷՍ ՀԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Երեւան։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալէ եւրոպացի յանձնակատարը։ Այսպէս, ան պիտի ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Նախատեսուած է նաեւ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Եոհաննէս Հանի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։

Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ընդգծէ իր ակնկալութիւնը Եւրոմիութեան կողմէ աւելի օժանդակութիւն ստանալու ուղղութեամբ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ ակնկալութիւնները ընդգծեց նաեւ վերջին օրերուն Տաւոսի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հաւաքին։

Շաբաթ, Յունուար 26, 2019