ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՄԻՍ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ եթէ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիի ստեղծման մասին խոստումները չյարգուին, ապա Թուրքիա ինքն իսկ պիտի ձեւաւորէ այդ մէկը։ Ըստ իրեն, սա ոչ թէ ահաբեկիչները, այլեւ երկիրը պաշտպանելու ուղղեալ անվտանգ գօտի մը պէտք է ըլլայ եւ խոստումները պէտք է յարգուին քանի մը ամսուան ընթացքին։ Նախագահը միեւնոյն ժամանակ տարածքաշրջանի առկայ իրադարձութիւնները որակեց Թուրքիան պաշարելու ուղղեալ նախաձեռնութիւններ։ «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ, անոնց ետին կը գտնուին ոչ թէ Սուրիոյ, այլեւ՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ հաշիւներ։ Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Իրաքի սահմաններուն վրայ, անոնց ետին կը գտնուին ոչ թէ Իրաքի, այլեւ՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ հաշիւներ», ըսաւ Էրտողան՝ նոյնը թուարկելով նաեւ Կիպրոսի, արեւելեան Միջերկրականի, Եգէականի, Պալքաններու եւ Կովկասի վերաբերեալ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա միշտ հաւատարիմ կը մնայ իրաւունքի եւ արդարութեան նկատմամբ։ Տարածքաշրջանի բոլոր դէպքերու մարդկային եւ քաղաքական բեռը վիճակած է Թուրքիոյ, սակայն դաշտը այլոց կողմէ բռնագրաւուած է։ Հարցի կարգաւորման համար կազմուած սեղանին շուրջ կը գտնուին ուրիշները եւ Թուրքիա այլեւս պիտի չհանդուրժէ այս երեւոյթին։ Ան յիշեցուց, որ 4 միլիոն գաղթական կը հիւրընկալուի Թուրքիոյ մէջ եւ անոնց համար 35 միլիառ տոլար ծախսուած է։

Բաց աստի, Էրտողան դիտել տուաւ, որ Ռուսաստանի հետ Իտլիպի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնով Թուրքիա կանխած է իր սահմաններուն վրայ մարդկային նոր տագնապի մը ծագիլը։ «Պարոն Փութինի հետ մեր առած այս քայլերով, Իրանի նախագահ Պարոն Ռուհանիի հետ եռակողմանի գագաթաժողովներով առնուած մեր քայլերով, հարցերը մինչեւ տեղ մը հասան։ Այլապէս այդ սպանդները, կացութիւնը շատ աւելի տարբեր կրնային ըլլալ։ Տարիներ շարունակ Մենպիչը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու ուղղութեամբ մեզի խոստումներ տուողները կը մաղթեմ, թէ հիմա այդ խոստումները կը յարգեն», շարունակեց նախագահը։

Ընդգծելով Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէ մաքրագործելու վճռակամութիւնը՝ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիոյ համբերութիւնը անսահման չէ։ Ան աւելցուց, որ թրքական կողմը իր դաշնակիցներէն միայն կ՚ակնկալէ լոժիսթիք զօրակցութիւն։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Միւս կողմէ, Սուրիոյ հարցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի երէկ այցելեց Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային պատշպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ։ Հանդիպման ընթացքին նախարարը ընդգծեց Թուրքիոյ ակնկալութիւնը՝ Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսը փութով կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։ Հուլուսի Աքար ընդգծեց Թուրքիոյ զգայնութիւնը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Ան մատնանշեց, որ երկու երկիրները միասին աշխատելով կրնան լուծել խնդիրները։ Նախարարը դիտել տուաւ, որ ամերիկեան կողմը վերջ պէտք է տայ ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի հետ յարաբերութեան։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, կան պնդումներ, ըստ որոնց Ճէյմս Ճեֆրի յստակ ծրագիր մը ներկայացուցած է Անգարայի մէջ։

Հուլուսի Աքարի եւ Ճէյմս Ճեֆրիի հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր։ Այս վերջինն ալ, իր հերթին, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։

Շաբաթ, Յունուար 26, 2019