ԱՖՐԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ՊԱՇԱՐՄԱՆ ԳՈՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՆԱԵՒ «ՔՐՏԱԿԱՆ ԲԱԶԷՆԵՐԸ»

Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ միջազգային օրակարգին վրայ։ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը վերջին օրերուն մարդասիրական նպատակներով հրադադար հռչակեց Սուրիոյ մէջ՝ հաշուի առնելով մանաւադ Արեւելեան Կութայի իրադարձութիւնները։ Կը նախատեսուի, որ դէպի այդ շրջանը կատարուի մարդասիրական օժանդակութիւն։

Ուշագրաւ իրադարձութիւնները այսքանով սահմանափակուած չէին շաբաթավերջին։ Այսպէս, ՓԵՏ-ի նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ, որ միջազգային հետախուզութեան մէջ կը գտնուէր, ձերբակալուեցաւ Չեխիոյ մայրաքաղաքը՝ Փրակի մէջ։ Չեխիոյ պատկան մարմինները զինքը առին վերահսկողութեան տակ ու տեղեակ պահեցին թրքական կողմը։ Ան 13 Փետրուարէն ի վեր հետախուզութեան մէջ է։ Թրքական կողմին հասած պաշտօնական տեղեկութենէն անմիջապէս վերջ Փրակի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ահմէտ Նեճաթի Պիկալը Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց Սալիհ Միւսլիմի արտայանձնումը։ Նոյն նպատակով շարժման անցաւ նաեւ Արդարադատութեան նախարարութիւնը։ Փոխ-վարչապետ Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, որ Սալիհ Միւսլիմի արտայանձնման նպատակով աշխատանքները կը շարունակուին։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ յոյս յայտնեց, թէ Չեխիա թրքական կողմին կը յանձնէ ենթական։

Միւս կողմէ, Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս գործողութիւններուն ծիրէն ներս չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը արդէն անցած է երկու հազարի սահմանը։ Զինեալ ուժերը կը շարունակեն համագործակցիլ նաեւ Ազատ Սուրիոյ բանակին հետ։ Այս վերջնոյն կազմէն ներս ստեղծուած է «Համզա» կոչեալ մասնաւոր միաւորում մը, որու առանցքը կը կազմեն «Քրտական բազէները»։ Յատուկ նշանակութեամբ զօրք մըն է այս մէկը։ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս ներկայիս «Քրտական բազէ»ները Աֆրին կ՚ուղարկուին՝ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի եւ միւս ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար։ Այդ խմբաւորման կազմին մէջ կը գտնուի 400 քիւրտ եւ 200 արաբ զինուոր։ Կը նախատեսուի, որ այդ միաւորումը մասնակցութիւն բերէ Աֆրին քաղաքի կեդրոնի պաշարման գործողութիւններուն։

Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին շարունակեցին ցամաքէն եւ օդէն գործողութիւնները եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ կը շարունակուին նոր կուտակումները։ Շաբաթավերջի տուելաներով՝ շուրջ տասն գիւղ եւս ամբողջութեամբ մաքրագործուած է ահաբեկիչներէն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018