ԵԴՈՒԱՐԴ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՅՕՐԻՆՈՂԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 2800-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հայաստանի Յօրինողներու միութեան նախաձեռնութեամբ՝ արդէն հինգերորդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը կա-յանայ մեծանուն հայ յօրինող, Խորհրդային Հայաստանի արուեստագէտ Եդուարդ Միրզոյեանի անուան պատանի յօրի-նողներու հանրապետական մրցոյթը, որուն կրնան մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի՝ մինչեւ 18 տարեկան հայազգի պատանի ստեղծագործողներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս տարի մրցոյթը նուիրուած է Երեւան քաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակին։ Մրցոյթի աւագ խումբի (14-18 տարեկան) մասնակիցները բացի գործիքային մէկ ստեղծագործութենէ, պէտք է ներկայացնեն նաեւ մէկ երգ, որ նուիրուած ըլլայ քաղաքամայր Երեւանին։ Ի դէպ՝ լաւագոյն երգը կը պարգեւատրուի Երեւանի քաղաքապետի պատուոյ գրով։ Կրտսեր խումբին մէջ (մինչեւ 13 տարեկան) նախորդ տարիներու համեմատ նոյն-պէս կատարուած է փոփոխութիւն. պատանի յօրինողը կրնայ ներկայացնել որեւէ գործիքի համար գրուած մէկ ստեղծագործութիւն՝ նախկինին պարտադիր պայման հան-դիսացող դաշնամուրային ստղեծագործութեան փոխարէն։

Յօրինողական ստուգատեսի բոլոր մասնակիցները կը պարգեւատրուին մասնակցութեան վկայականներով, իսկ մրցանակային տեղեր զբաղեցուցած մասնակիցները՝ վկայականներով, խրախուսական նուէրներով։ Մրցոյթի երկու ենթախումբերու յաղթողները կը պարգեւատրուին նաեւ դրամական պարգեւներով։ Երկու ենթախումբերու յաղթող մասնակիցներու ուսուցիչները եւս կը պարգեւատրուին դրամական պարգեւներով։ Յաւելենք միայն, որ յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտն է Մայիսի 5-ը։

Մայիսի 10-12 թուականներուն իրականացուող մրցոյթը կ՚իրականանայ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018