ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՏԵՂ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան հովանիի ներքոյ ստեղծուած են շարժանկարի արտադրիչներու, բեմադրիչներու, թատերագիրներու, դերասաններու, լուսանկարիչներու ու այլ շարժապատկերային մասնագիտութեան արհեստավարժ վաճառականներու միութիւններ։ Անոնց առաջնային խնդիրն է համախմբել շարժանկարի մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչները, արդիւնաւէտ աշխատանքի համար ստեղծել մասնագիտական միջավայր եւ ստեղծագործական մթնոլորտ: Վաճառականներու միութիւններու ղեկավար մարմինները արդէն ընտրուած են: Անդամակցութեան գործընթացը սկսած է: Վերջերս Երեւանի մէջ առաջին անգամ անոնց նախագահ-ներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ համատեղ ասուլիս մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան ըսաւ, որ վաճառականներու միութիւններու ամբողջական կայացումը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ շարժանկարի քաղաքականութեան գործին վրայ: Ան կը պաշտպանէ շարժանկարի մասնագէտներու շահերն ու իրաւունքները, կը նպաստէ շարժանկարի մթնոլորտի ձեւաւորման, որու արդիւնքին կ՚ունենանք ներկայանալի արտադրութիւն։ «Վերջերս նաեւ մշակուած ու ընդունուած են կանոնակարգերը: Այդ է պատճառը, որ շատեր տակաւին չեն պատկերացներ այդ վաճառականներու միութիւններու կարեւորութիւնը շարժանկարի արտադրութեան գործին մէջ: Կը կարծեմ՝ ժամանակի ընթացքին հասկնալի կը դառնայ անոնց արդիւնաւէտութիւնը: Ճիշդ է՝ շատ մեծ սինեմաթոկրաֆիստական երկիր չենք, բայց կրնանք դառնալ: Փոքր երկիրներու համար առաջնային է որակեալ շարժանկար արտադրելը, որովհետեւ այդ մէկը կարեւոր միջոց է եւ զէնք: Այնպէս որ, այդ միութիւնները կու գան աւելի ուժեղացնելմու համար շարժանկարի մթնոլորտը», ըսաւ ան։

Շարժանկարի դերասաններու վաճառականներու միութեան նախագահ Վիգէն Ստեփանեանի խօսքերով՝ այս միութիւններու ստեղծման նպատակը համախմբումն է ընդհանուր գաղափարի ու ստեղծագործական գործունէութեան շուրջ:

Շարժանկարի արտադրիչներու վաճառականներու միութեան նախագահ Կարէն Ղազարեանի կարծիքով, միութիւնները շարժանկարի արտադրութեամբ զբաղող փոքր երկիրներուն կ՚օգնէ զարգանալու: Ըստ իրեն, անոնք արհեստական միութիւններ են, որոնք մասնագիտական թեւի մէջ կը փորձեն պաշտպանութիւն ստեղծել ու հնարաւորութիւն տալ յառաջանալու։ «Նախաձեռնութիւնը շատ լաւն է: Բարի ու ճիշդ հունով յառաջ կ՚ընթանայ: Յոյս ունիմ, որ այդ կառոյցը վերջնականօրէն կը կայանայ՝ յօգուտ բոլորիս», ըսաւ ան։

Շարժանկարի բեմադրիչներու վաճառականներու միութեան նախագահ, բեմադրիչ Միքայէլ Տովլաթեան կ՚ընդգծէ, որ ան մեծ նպաստ կ՚ունենայ ոլորտէն ներս գործունէութիւն ծաւալող անձերը միաւորելու եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Իսկ Շարժանկարի բեմագիրներու վաճառականներու միութեան նախագահ Լեւոն Գալստեանն ալ շեշտեց, որ կը մասնակցի, որովհետեւ գիտէ, թէ միութիւններու ճիշդ գործունէութեան արդիւնքին կը բարելաւուի հայկական շարժանկարի արտադրութեան որակը:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի շարժանկարի լուսանկարիչներու վաճառականներու միութեան նախագահ Սեդրակ Վելիկոտնի, շարժանկարի գործարկուներու վաճառականներու միութեան փոխ-նախագահներ Արտօ Մելքումեան, Մկրտիչ Բարոյեան, շարժանկարագէտներու եւ շարժանկարի լրագրողներու վաճառականներու միութեան նախագահ Րաֆֆի Մովսիսեան եւ սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան նախագահի գլխաւոր խորհրդական Արայիկ Մանուկեան:

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018