ԿԻՈՐԿԻ ԿԱԽԱՐԻԱՅԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիա վերջերս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին վրացի նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրը՝ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորութիւններ յղեց անոր նոր նշանակուած պաշտօնին կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով մեծապէս կարեւորեց յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Կախարիայի Հայաստան այցելութիւնը նոր խթան մը պիտի հաղորդէ երկու հարեւաններու իրաւապահ մարմիններու միջեւ համագործակցութեան խորացման։ Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր համարեցին այդ ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը եւ բարեկամ երկու երկիրներէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովումը նաեւ տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներէ ներս յառաջընթաց ու ձեռքբերումներ արձանագրելու տեսանկիւնէն։

Կիորկի Կախարիա Սերժ Սարգսեանին ներկայացուց Հայաստանի ոստիկանութան հետ ունեցած արդիւնաւէտ հանդիպման ժամանակ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Ըստ իրեն, այդ պայմանաւորուածութիւնները կը ներառնեն նաեւ սահմանամերձ տարածքաշրջանները, ուր նոյնպէս կան իւրայատուկ մարտահրաւէրներ։ Կախարիայի համոզմամբ, այդ մարտահրաւէրներուն դիմագրաւումը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ միասնաբար։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018