ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄՍԽՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Պերլինի պատի փուլ գալէն գրեթէ երեսուն տարի անց Անգարա կը շարունակէ փակ պահել իր սահմանը Երեւանի հետ։ Ըստ իրեն, Հայաստան ակնյայտօրէն կը ձեռնարկէ հնարաւոր բոլոր ջանքերուն համագործակցութեան մթնոլորտը բարելաւելու համար, սակայն հակամարտութիւններն ու բաժանարար գիծերը կը շարունակեն խոչընդոտել տարածքաշրջանէ ներս համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը։

Եդուարդ Նալպանտեան, որ վերջերս այցելեց Պրիւքսել, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լիագումար նիստին ժամանակ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն։ Ծանօթ է, որ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի առ ոչինչ հռչակել Անգարայի հետ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը անցեալ աշունէն ի վեր միջազգային բոլոր հեղինակաւոր ամպիոններէն կը հաստատէ այդ մտադրութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսել այցելութեան ընթացքին եւս խօսեցաւ այս նիւթին շուրջ։ Ան ըսաւ հետեւեալը. «Երբ տասն տարի առաջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ստանձնեց պաշտօնը, ան նախաձեռնեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առանց որեւէ նախապայմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Թուրքիա համաձայնեցաւ յառաջ շարժիլ այս հիման վրայ եւ տարի մը անց Ցիւրիխի մէջ Հայաստան եւ Թուրքիա երկու արձանագրութիւն ստորագրեցին այս ուղղութեամբ։ Սակայն, ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ Թուրքիա ետ կանգնեցաւ պայմանաւորուածութիւններէն։ Անգարա ոչ միայն ձեռնպահ մնաց արձանագրութիւններու վաւերացումէն, այլ վերադարձաւ նախապայմաններու լեզուին, զոր որդեգրած էր գործընթացի մեկնարկէն առաջ։ Թուրքիան փորձեց հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացը կապել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետ՝ հիմնուած Ատրպէյճանի անհիմն պահանջներուն վրայ։ Թրքական կողմի իւրաքանչիւր փորձ՝ միջամտելու ղարաբաղեան գործընթացին կամ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապելու Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններու հետ, կը վնասէ երկու գործընթացներուն եւս։ Սա այն դիրքորոշումն է, որ բազմիցս ընդգծուած է ամբողջ միջազգային հանրութեան կողմէ։

«Գործընթացի սկիզբէն ի վեր թրքական կողմի հետ մեր շփումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հրապարակայնօրէն յստակ նը-շած ենք, որ Հայաստան երբեք հարցականի տակ պիտի չդնէ հայոց ցեղասպանութեան փաստը կամ անոր միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը։ Իսկական հաշտեցումը հիմնուած չէ անցեալը մոռնալու կամ երիտասարդ սերունդը ժխտողականութեան հէքեաթներով սնուցելու վրայ։ Հայաստան չէր պահանջեր Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապայման։ Որքան ալ, որ տարօրինակ է, Թուրքիան իսկ, որ հարիւր տարի շարունակ տեւաբար ժխտած է ցեղասպանութիւնը, փորձեց շահարկել այս խնդիրը՝ այդ մէկը օգտագործելով որպէս նախապայման։ Անդրադառնալով այս խնդրին Եւրոխորհրդարանի պատերէն ներս իմ ելոյթին մէջ՝ չեմ կրնար չնշել, որ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ առաջին բանաձեւերէն մին ընդունուած է այստեղ իսկ 1987 թուականին»։

Աւելի վերջ Նալպանտեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ կարգաւորման գործընթացը կրնար նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել ինչպէս երկու ժողովուրդներու, այնպէս ալ ընդհանուր առմամբ տարածքաշրջանի համար։ Հայաստան ջանք չէ խնայած՝ գործընթացի յաջողութեամբ պը-սակման համար։ Թուրքիա բաց թողուց հաշտեցման պատմական հնարաւորութիւնը։ Ըստ Նալպանտեանի, Հայաստան չի խօսիր նախապայմաններու լեզուով, բայց նաեւ չ՚ընդունիր ոեւէ մէկուն կողմէ նախապայմաններու առաջադրումը։ Նալպանտեան Սթրազպուրկի մէջ ալ կրկնեց վերջերս Միւնիխի միջազգային անվտանգութեան գագաթաժողովին ժամանակ ունեցած ելոյթի արտայայտութիւնը. «Մենք չենք կրնար յաւերժ սպասել Թուրքիոյ պատասխանին»։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018