ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՏՈՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ՝ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրանտ «Սարոյեան հաուզ» նախագծին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: «Ռէօնեսանս» մշակութային եւ մտաւորական հիմնադրամի կողմէ իրականացուող «Սարոյեան հաուզ» նախագծի շրջանակէն ներս նախագծի համակարգող Աւագ Սիմոնեան, «Ստորակէտ» ճարտարապետական աշխատանոցի համահիմ-նադիր Մերուժան Մինասեան եւ «Սարոյեան հաուզ»ի հո-գաբարձուներու խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Ֆրեզնոյի մէջ Գալիֆորնիոյ Պետական համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնէն Փրոֆ. Պարլոու Տէր-Մկրտիչեան Փետրուարի 23-ին հանդիպած են Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրանտի հետ եւ ներկայացուցած են նախագիծը։

Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին «Ռէօնեսանս» մշակութային եւ մտաւորական հիմնադրամի հասարակայ-նութեան հետ կապերու բաժնէն, քաղաքապետին ներկայա-ցուցած են նախագծի յետագայ ծրագրերը եւ թանգարանի հայեցակարգը՝ իր բոլոր նորարարական եւ աշխոյժ լուծում-ներով։

Բացումէն յետոյ, Ուիլիըմ Սարոյեանի կեանքի յայտնի եւ անյայտ բոլոր դրուագներու մասին պատմող թանգարա-նը կը դառնայ Ֆրեզնոյի մշակութային եւ կրթական կեդ-րոններէն մին։ Շեշտուած է նաեւ այն փաստը, որ Սարո-յեան ունի համաշխարհային ճանաչում, եւ անոր անձի կա-րեւորումը ոչ միայն հայկական սփիւռքի ձեռքբերումն է, այլեւ՝ ամբողջ ամերիկեան հասարակութեան: Թանգարանին մէջ հիւրերը հնարաւորութիւն կ՚ունենան անձամբ տեսնելու Սարոյեանը՝ հոլոկրամի միջոցով։

Միւս կողմէ, թանգարանին բացումը նախատեսուած է 2018 թուականի Օգոստոսի 31-ին՝ գրողի յոբելենական 110-ամեակին։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018