ԱՆՄԽԻԹԱՐ ԿՈՐՈՒՍՏ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Աւետիս Արզումանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Աւետիս Արզուման մեր մշակութային արժէքներուն եւ ժառանգութեան նկատմամբ ծայր աստիճան նախանձախնդիր հասարակական գործիչ մըն էր։ Աշխատակցած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Իր անժամանակ մահը վերջին օրերուն ստեղծեց մեծ ցաւ։ Այս մթնոլորտին մէջ Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ իր այս հարազատին, որու կորուստը իսկապէս անմխիթար է եւ յիշատակը՝ անթառամ։

Յուղարկաւորութեան նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան՝ իր շուրջ ունենալով քահանայ հայրեր։ Դագաղին շուրջ Սամաթիոյ ընտանիքէն դէմքեր կերոնակիր էին։ Հոծ թիւով յուղարկաւորներ փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու Աւետիս Արզումանի նկատմամբ եւ համախմբուեցան անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ, դագաղին գլուխը դամբանական մըն ալ խօսեցաւ Սամաթիոյ պատուոյ նախագահ Մելքոն Քարաքէօսէ, որ թարգման հանդիսացաւ բոլորի յուզումին։

Նորոգ հանգուցեալ Աւետիս Արզումանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019