ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր երէկ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոյի կողմէ։ Երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգի վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Անոնք համաձայն գտնուեցան, որպէսզի միջխորհրդարանական յանձնաժողովի հերթական նիստը գումարուի մօտաւոր ապագային։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր զանազան պատճառներով այդ ժողովը կը յետաձգուէր։

Մինչ այդ, Արարատ Միրզոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի լիագումար նիստին ժամանակ։ Սա ունի բացառիկ բնոյթ մը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019