ՄՈՐԻՍ ԼԵՒԻ ՊԱԽԱՐԱԿԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԱՐԱՐՔԸ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դէմ շաբաթավերջին կատարուած տգեղ արարքին կապակցութեամբ, որով եկեղեցւոյ մայր դրան եւ պատերուն վրայ ներկով անարգական արտայայտութիւններ գրուած էին։ Թուրիքոյ Հանրապետութեան հանրային կարծիքին ուղղեալ այս յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս հարցին բերումով դիմած է Անվտանգութեան տնօրէնութեան։

Մորիս Լեւիի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ նման արարքները բացայայտօրէն կը հանդիսանան ատելութեան յանցագործութիւններ։ Ան այս յանցանքը կատարողները խստիւ պախարակած է՝ յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան աչալուրջ քաղաքացիներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019