ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ Է՝ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ 75-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ յառաջիկայ գարնան Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական համերգ մը, որ կազմակերպուած է յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունիի 75-ամեակին առթիւ։ Հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հեղինակաւոր անուններէն մին է Շահան Արծրունի, որ նախկին պոլսահայ մը ըլլալու բերումով մեր համայնքէն ներս առանձնայատուկ համակրանք կը վայելէ։ Արծրունիի յոբելեանին ձօնուած համերգը նախատեսուած է 5 ապրիլին, Նիւ Եորքի Florence Gould Hall-ի մէջ։ Սա տեղւոյն Ֆրանսական ընկերակցութեան դահլիճն է։

Շահան Արծրունիի յոբելենական համերգը ունի շարք մը հովանաւորներ։ Այսպէս, այս ծրագրին կ՚աջակցի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) իր երկու թեւերով։ Անոնցմէ մին է ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի մասնաւոր ձեռնարկներու կոմիտէն եւ նոյնպէս ՀԲԸՄ-ի կատարողական արուեստի խմբաւորումը։ Բաց աստի, հովանաւորներու շարքին են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը, Նիւ Ճըրզիի հայկական ռատիօժամը, Հայ օգնութեան ֆոնտը, DIRECT HELP FOR ARMENIAN PEOPLE-ը եւ այլն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019