ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ
Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը, որու ընթացքին Եոհան Սեպաստիան Պախի «Չարչարանքներ ըստ Յովհաննու» հանճարեղ ստեղծագործութիւնը ընդունուեցաւ ջերմ ու անվերջ ծափահարութիւններով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ստեղծագործութիւնը երկար դադարէ մը վերջ հնչեց Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս փառաշուք համերգը։ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ համախմբուած երաժշտասէրները ունկնդրեցին Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբն ու երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Գերմանիայէն Theodor Schüz Ensemble-ն ու իր երաժիշտները՝ խմբավար Ֆիլիփ Ամելունկի մականին ներքեւ։
Պախի այս գործը արեւմտաեւրոպական երաժշտութեան գագաթներէն մին է։ Ան ինքնատիպ ելեւէջներով կը ներկայացնէ Յիսուսի չարչարանքները, անդրադարձ կը կատարէ աստուածաշնչեան դրուագներու։ Առաջին անգամ 1724 թուականին հնչած այս գործը Պախի կողմէ վերախմբագրուած է քանի մը անգամ։ Հայաստանի մէջ այս գործը վերջին անգամ նուագուած էր 1999 թուականին։
Երեւանի այս վերջին համերգին ներկայ էր նաեւ հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան։