ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ժընեւի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ եւս մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի ժողովներուն։

Հանդիպման ընթացքին նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Ռուսաստան դաշնակցային յարաբերութիւններու երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ՝ կանգ առին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։

Բաց աստի, Ժընեւի մէջ Մնացականեան տեսակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020