ՅԱՒԵՐԺ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները գլխաւորեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ութերորդ ժողովը։ Բանակցութիւններու եւ երկկողմանի համագործակցութեան խթանման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրման զուգահեռ՝ Էրտողան եւ Ալիեւ Պաքուի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս միշտ, երկու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նախագահ Էրտողան Պաքուի մէջ յայտարարեց. «Մենք շատ կը փափաքինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ»։
Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որքան Ատրպէյճանի, նոյնքան նաեւ Թուրքիոյ խնդիրն է։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներ։ Իլհամ Ալիեւ շեշտեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը եւ ժողովուրդը մշտապէս կը սատարեն Թուրքիոյ։ «Մեր միութիւնը յաւերժ է», ըսաւ ան։