ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԱՌՆԱՐԱՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փողոցներու մէջ տեղադրուած են գունաւոր սառնարաններ, որոնց մէջ բնակիչները կարիքաւորներու համար սնունդ եւ առողջապահական պարագաներ կը դնեն։ Այսպէս, նոր նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս Միացեալ Նահանգներու շարք մը նահանգներու մէջ տեղադրուած են գունաւոր սառնարաններ, որոնք նախատեսուած են կարիքաւոր բնակիչներու համար:

«Պի.Սի.Սի.»ի հաղորդմամբ՝ սառնարանները արդէն իսկ տեղադրուած են Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Շիքակօ եւ Մայամիի մէջ: Անոնց նպատակն է սնունդով եւ առողջապահական պարագաներով ապահովել համայնքներու այն բոլոր բնակիչները, որոնք կ՚ապրին ծանր ընկերային պայմաններու մէջ եւ կարգ մը ապրանքներ գնելու հնարաւորութիւն չունին:

Օրական քանի մը հարիւր քաղաքացիներ սառնամանիքին՝ ցուրտ օդին հերթի կը կանգնին, որպէսզի սառնարաններու մէջ սնունդ դնեն։ Անոնք սառնարաններուն մէջ կը դնեն միրգեր եւ բանջարեղէն, կաթնամթերք, մսեղէն եւ հացահատիկի տեսակներ:

«Բոլորս ալ կեանքի ընթացքին վերիվայրումներ կ՚ունենանք: Հնարաւոր չէ ունենալ կեանք մը, որու ամբողջ ընթացքին ամէն ինչ լաւ ըլլայ: Նման ձեւով մենք կը փորձենք օգնել այն մարդոց, որոնք այժմ ունին այդ կարիքը», լրատուամիջոցի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է նախաձեռնութեան մասնակիցներէն մէկը:

Սառնարանները միացուած են մօտակայ խանութներու եւ տուներու ելեկտրականութեան:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու մէջ 2020 թուականին աւելի քան 50 միլիոն մարդ սովի մատնուած է. համեմատութեան կարգով կը նշուի, որ 2019 թուականին այդ ցուցանիշը կազմած է 35 միլիոն:

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021