ԳՈՐԾԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՈՒ ՋԵՐՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին Փութին շնորհաւորեց Էրտողանի տարեդարձը։

Բաց աստի, ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Փութին Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բարեկամական հիմունքով ընթացքին ապահոված նպաստին բերումով։

Ներկայ ամսուան առաջին կէսին նախատեսուած էր Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը, սակայն այդ մէկը յետաձգուած էր։ Վերջին օրերուն Վլատիմիր Փութին դրուատած էր Թուրքիան՝ որպէս վստահելի գործընկեր։

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցը կը զուգադիպի Ուքրայնայի պատերազմի երկրորդ տարելիցին։ Միջազգային լրատուամիջոցները այս շրջանին վերստին ողողուած են համապատասխան հաղորդումներով։ Կը հաղորդուի, որ դաշտի վրայ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը կ՚արձանագրեն որոշ յառաջխաղացում մը, թէեւ պատերազմական իրավիճակի մէջ անակնկալները միշտ հաւանական են։

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը բազում երեսակներով կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնները եւս այս պատերազմի լոյսին տակ կը մեկնաբանուին։ Հանրապետական թեկնածու եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ունի վերընտրուելու լուրջ հաւանականութիւն եւ իր վերջին յայտարարութիւնները դուռ կը բանան զանազան մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց ան Ռուսաստանը կրնայ խրախուսել՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներուն վրայ յարձակելով։ Ռազմաճակատի վրայ Ուքրայնայի բանակին պարզած տեսքն ալ որոշ յոռետեսութեան պատճառ կը դառնայ եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ռուսաստանի սահմանակից երկիրները ճանապարհներ կը փնտռեն իրենց սահմաններու պաշտպանութիւնը ամրապնդելու համար։ Հակառակ, որ անոնք ՆԱԹՕ-ի մաս կը կազմեն եւ ունին դաշնակիցներ, ըստ միջազգային աղբիւրներուն, անցեալ դարու նման միջոցներ ձեռք առնելու մասին մտածել սկսած են։ Պալթեան երկիրները այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս անհանգիստ են ու կը պատրաստուին պաշտպանական ճակատ մը ստեղծել։ Լրատուամիջոցները կ՚ընդգծեն, որ Ռուսաստանի հարեւան երկիրները ձեռնամուխ եղած են իրենց բանակները ամենաարդիական զէնք ու զինամթերքով օժտելու գործին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024