ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԱԳԱԹ

Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գագաթաժողովը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս առթիւ խոշորացոյցի տակ կը բերուին կողմերու համատեղ օրակարգի հարցերը՝ բոլոր մանրամասնութիւններով։ Այս կարեւոր գագաթին կը մասնակցի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Վարնայի մէջ իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚անդրադառնայ Անգարայի ներկայ փուլի առաջնահերթութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր կը գլխաւորեն եւրոպական պատուիրակութիւնը։ Գագաթաժողովի հիւրընկալն է ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով։ Երեկոյեան ժամերուն կը սկսի այս կարեւոր գագաթը ու կը նախատեսուի որ տեւէ առնուազն երկու ժամ։ Աւարտին նախատեսուած է նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Պրիւքսելի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Վառնայի գագաթաժողովին ընթացքին քննարկումները այդքան ալ հեզասահ չեն ըլլար։ Արդարեւ, կողմերը սեղանի վրայ կը դնեն իրենց առկայ տարակարծութիւնները։ Վարնայի բանակցութիւններուն հիմնական նպատակն է ամրապնդել համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ։ Թրքական կողմի ներկայ փուլի հիմնական ակնկալութիւնները կը հանդիսանան՝ Մաքսային միութեան արժեւորումը, ազատ շրջագայութեան ապահովուիլը, սուրիացիներու համար ելմտական օժանդակութիւններու արագացումը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պարագային շօշափելի քայլերու առնուիլը։ Թուրքիա-ԵՄ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան տնտեսութեան, առեւտուրի, անվտանգութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ խնդիրներ։ Բաց աստի, կ՚արծարծուին տարածքաշրջանային բնոյթով հարցեր. ինչպէս՝ Պաղեստին, Պալքաններ, Սուրիա, Արաքան, Իրաք, Լիպիա եւ այլն։ Անգարա կ՚ակնկալէ, որ վստահութեան վերականգնման նպատակով ԵՄ աւելի շինիչ դիրքորոշում մը որդեգրէ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ կարեւորագոյն պահանջներէն մին է՝ իր լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւններու գործընթացէն ներս քաղաքական նկրտումներով, արհեստական խոչընդոտներու վերացումը։

Անցեալ տարուան Մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովէն վերջ, Էրտողան այսօր Վառնայի մէջ կը տեսակցի Թուսքի եւ Եունքէրի հետ։ Նախագահի օրակարգին վրայ են՝ ԵՄ-ի կողմէ Թուրքիոյ տրուած խոստումներուն յարգուիլը եւ Եւրոպայի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։

Եւրոպական կողմը տեղեկացուցած է, որ այս գագաթաժողովը շատ կարեւոր քայլ մըն է։ Կողմերու միջեւ գոյութիւն ունի բաւարար վստահութեան միջավայր՝ խնդիրներու քըն-նարկման համար։ Պրիւքսել այս առումով թէեւ լաւատես ազդանշաններ կու տայ, սակայն Անգարա հաշուի կ՚առնէ, որ Վառնայի գագաթաժողովի սեմին Պրիւքսելի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ԵՄ-ի գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ պախարակուած է Թուրքիան՝ Յունական Կիպրոսի եւ Յունաստանի պահանջով, Եգէականի լարուածութիւններուն եւ Միջերկրականի արեւելքի բնական կազի որոնումներուն հետեւանքով։ Թրքական կողմը համոզուած է, որ այդ պախարակումը եկած է թունաւորել Վարնայի այսօրուան գագաթաժողովի մթնոլորտը։

Էրտողան Պրիւքսելի մէջ օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ Եւրոպայէ ներս թափ ստացած՝ իսլամատեացութեան, ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան յանցագործութիւնները, համապատասխան զգուշացումներով հանդերձ։

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018