ՊԱԼԸՔԼԸԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երէկ, նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ մորթաբան Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան վերյիշուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Առաւօտուն, յաւարտ Ս. Պատարագի, ան հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Աւելի վերջ բարեյիշատակ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի Պալըքլըի գերեզմանատան շիրմին վրայ ալ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մը՝ ձեռամբ տաներէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։

Անմոռանալի հանճարեղ բժիշկի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցեցաւ հոծ բազմութիւն մը։ Բոլորը հերթական անգամ բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին հանգուցեալի բարի յիշատակին առջեւ եւ վշտակից եղան ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018