ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ՝ «ՆՈԹՐԸ ՏԱՄ ՏԸ ՍԻՈՆ» ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԼԻՍԷԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին փայլուն համերգով մը հանդէս եկաւ «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի սրահին մէջ, Հարպիյէ։ Թուրք-ֆրանսական ճարտարագէտներու միութեան աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ այս համերգը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր դպրաց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Համերգին ներկայ գտնուեցան հիւրընկալ ֆրասնական լիսէի տնօրէն Եանն տը Լանսարիւ, եւ կողակիցը, Թուրք-ֆրանսական ճարատարագէտներու միութեան նախագահ Մուսթաֆա Ճանսաղլար,  Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր ընկերները, Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ, Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Սահակեան լիսէի տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ, որոնց շարքին կը գտնուէին մեր համայնքէն հոծ  թիւով անդամներ։

Երեկոյթը սկսաւ օրուան հանդիսավարին՝ Լիանա Իւնալի ողջոյնի խօսքով։ Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ Մուսթաֆա Ճանսաղլար, որ ուրախութիւն յայտնեց ձեռնարկի արժանացած անմիջական ուշադրութեան համար եւ տեղեկութիւններ տուաւ իր գլխաւորած կառոյցին շուրջ։ Ան միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին եւ թէ հիւրընկալ վարժարանին։

Այս ելոյթէն վերջ Լիանա Իւնալ բացատրութիւններ տուաւ Սահակեան պրաց դաս-երգչախումբի պատմութեան ու ծաւալած գործունէութեան շուրջ։

Աւելի վերջ երեկոյթի յայտագիրը գործադրելու համար հանդէս եկաւ Սահակեան երգչախումբը՝ Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ։ Երգեհոնով ընկերացաւ Նարօտ Ակօշեան։ Մենակատարներն էին Անգինէ Էվեափան, Ղուկաս Արզուման, Էլիզ Շարքլը, Մուրատ Փէյնիրճի եւ Քրիստին Վուրալ։ Սահակեան երգչախումբը «Իսթանպուլ մոտերն» սենեկային նուագախումբին հետ գործադրեց իր յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին հայ եւ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։ Այսպէսով երգչախումբը մէկ կողմէ ծանօթացուց հայկական երաժշտութիւնը եւ թէ իր հնարաւորութիւններուն մասին պատկերացում մը տուաւ՝ օտար հեղինակներու գործերու մեկնաբանութեամբ։ Եզրափակիչ փուլին Սեւան Ակօշեան եւ իր սաները ներկայացուցին «Փարիզի երկինքին տակ» երգը։ 

Երեկոյթի փակումը կատարեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սեւան Ակօշեանի եւ սաներուն մասին։ Նորին սրբազնութիւնը նշեց, որ դարերու տեւողութեան Սամաթիա թաղը շատ կարեւոր տեղ մը ունեցած է մեր քաղաքի հայութեան կեանքէն ներս եւ այդ հանգամանքին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի ծաւալած գործունէութեան նշանակութիւնը։ Ուստի, ան շնորհաւորութիւններ յղեց թէ՛ երգչախումբին եւ թէ երեկոյթի կազմակերպիչներուն։

Այսպէսով Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը ի շարունակութիւն մօտաւոր անցեալի համերգներուն՝ հերթական անգամ հանդէս եկաւ յաջող ելոյթով մը՝ գրաւելով երաժշտասէրներու սիրտը։

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018