ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ԿՈՉԸ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես վերջին օրերուն հանդէս եկաւ կոչով մը՝ աշխարհի բոլոր անկիւններուն հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։ Ընդհանուր քարտուղարը կլոպալ այս հրադադարի կոչը ուղղեց՝ քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս կոչին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով՝ աջակցութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարին։ Նախարարը տեղեկացուց, որ Հայաստանը լիակատար աջակցութիւն կը յայտնէ Անթոնիօ Կութերեսի կլոպալ հրադադարի կոչին՝ մինչ ամբողջ մարդկութիւնը կը պայքարի ընդհանուր թշնամիի մը՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Մնացականեան հարեւան երկրի իր պաշտօնակցին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ ձեռք առնուած միջոցներուն մասին։ Նախարար Մնացականեան այս կապակցութեամբ կարեւորեց միջազգային համագործակցութիւնը համաճարակի դէմ պայքարի մէջ՝ յատկապէս հարեւան երկիրներու միջեւ գործողութիւններու համակարգումը։ Երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի պատկան մարմինները սերտ կապի մէջ են ու կը փոխանակեն փորձառութիւններ։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախարարները կարեւորեցին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի կոչերը՝ հակամարտութիւններու գօտիներէն ներս հրադադարներու պահպանման եւ պատժամիջոցներու վերանայման ուղղութեամբ։ Անոնք ընդգծեցին, որ համաճարակի դէմ պայքարը պէտք է հնարաւորութեան վերածուի՝ ժողովուրդներու հաշտեցման եւ կլոպալ համերաշխութեան տեսակէտէ։