ՀՐԱԲՈՒԽԸ ԺԱՅԹՔԵՑԱՒ

Հայաստանի մէջ բառին բուն իմաստով ժայթքած է հրաբուխը։ Միջազգային հանրային կարծիքը եւ ամբողջ հայաշխարհը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն։ Այս առաւօտ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջիկայ օրերուն՝ Մայիսի 1-ին պիտի ընտրէ երկրին նոր վարչապետը։

Յեղափոխական առաջնորդ Նիքոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ կառավարութիւն մը գոյութիւն չունի երկրին մէջ։ Առկայ յարափոփոխ հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ գործնականօրէն անհեռանկար կը դառնան վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի՝ երկիրը արտահերթ ընտրութեան առաջնորդելու մտադրութիւնները։ Մինչ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին խաղաղ ցոյցերը կը շարունակուին, Կարէն Կարապետեանի շուրջ օղակը կը սեղմուի։

Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ արդէն ակնկալութիւնները կը կեդրոնանան համակարգային ընդհանուր փոփոխութեան մը վրայ։ Սա կ՚ենթադրէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) իշխանութենէն ամբողջութեամբ հեռացումը։ Անցումային շրջանի օրակարգը թէեւ կը շարունակէ ծանրաբեռնուած մնալ բազում հարցականներով, սակայն, զուգահեռաբար կարգ մը նիւթերու պարագային պղտորութիւնը կը յաղթահարուի։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ներկայիս մեծամասնութիւն ունի ՀՀԿ-ն, սակայն գործնականօրէն գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը կը համախմբուին յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ։ Բացի ՀՀԿ-էն, խորհրդարանի մնացեալ բոլոր ուժերը արդէն պատրաստ են Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ ընտրելու։ Երէկ երեկոյեան ՀՀԿ-ի ղեկավարութիւնը ժողով մը գումարեց հրաժարեալ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։ Մեկնաբանները չեն բացառեր, որ ՀՀԿ-ի շարքերէն կարգ մը երեսփոխաններ ալ զօրակցին Նիկոլ Փաշինեանին՝ որպէսզի ան դառնայ վարչապետ։ Քաղաքական շրջանակներէ ներս, նոյնիսկ ապագային Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետի աթոռին վրայ չպատկերացնողներն իսկ յարմար կը դատեն՝ որ այս փուլին ան ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը։

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած հանրահաւաքին ժամանակ ծովածաւալ բազմութեան մը ներկայութեամբ ժողովուրդի կողմէ առաջադրուած վարչապետի թեկնածու հռչակուեցաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Հանրահաւաքի ժամանակ յեղափոխութեան ղեկավարը հանդէս եկաւ խանդավառ ելոյթով մը։ Ան քննադատութիւններու թիրախ դարձուց Կարէն Կարապետեանը եւ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներու ներկայութեամբ վերջնագիր տուաւ անոր՝ որպէսզի չյամառի մնալ այդ դիրքին վրայ։ Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան երաշխիքներ տուաւ մասնաւորապէս գործարար շրջանակներուն։ Ան ըսաւ, որ բոլորի օրինական շահերը պաշտպանուած պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ, սակայն այդ շահերը պէտք չէ արտայայտուին կամ ներկայացուին՝ որպէս օտար ուժերու նախընտրութիւն։ Փաշինեան տեղեկացուց, որ երէկ հանդիպում ունեցած է Մոսկուայի շարք մը ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեւանեան զանազան աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրահանգով կարգ մը ռուս պաշտօնատարներ երէկ յատուկ թռիչքով մը մեկնած են Երեւան, ուր հանդիպած են Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Այս վերջինը հանրահաւաքի ընթացքին արդէն ակնարկեց այդօրինակ շփման։ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ալ հանդիպում մը ունեցած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար ու յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեանի հետ։ Այս վերջինը խորհրդարանէ ներս երկրորդ ամենամեծ խմբակցութիւնը կը գլխաւորէ։

Միջազգային վերլուծաբաններն ալ վերջին օրերուն անդրադարձան ՀՀԿ-ի ապագային։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Քարնեկի» փորձագիտական կեդրոնի յառաջատար վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ յայտնեց, որ Հայաստանի յառաջընթացին տեսակէտէ Սերժ Սարգսեանի անձին բաղդատմամբ աւելի մեծ խոչընդոտ մըն է իշխանութեան գլուխ գտնուող՝ ՀՀԿ-ի կորիզը։ «Խնդիրը Սերժ Սարգսեանի անձին մէջ չէ, ան իր հրաժարականով նոյնիսկ մեծահոգի քայլ մը առաւ։ Ան հեռացաւ, առճակատման չգնաց», ըսաւ Տը Վաալ, որու համոզմամբ՝ Հայաստանէ ներս դժգոհութեան պատճառ դարձած խնդիրները շատ աւելի խորքային են, ունին համակարգային բնոյթ ու կը շարունակուին աւելի քան քսան տարիէ ի վեր։

Ներքին քաղաքական խմորումները կը կեդրոնանան մէկէ աւելի առանցքներու շուրջ։ Յեղափոխութենէն վերջ բոլորը աննպատակայարմար կը համարեն ՀՀԿ-ի ղեկավարութեամբ կանխահաս ընտրութեան մը իրականացումը։ Արդարեւ, վերջին տարիներուն Հայաստանի ընտրական համակարգին նկատմամբ կուտակուած է լուրջ ան-վըստահութիւն։ Բաց աստի, օրակարգի վրայ է ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութեան ենթարկուիլը։ Սա ալ նիւթ մըն է, որու պարագային պէտք է հասարակաց յայտարարի մը հասնին քաղաքական ուժերը։

Մինչ Մոսկուայի նախաձեռնութիւններն ու դիրքորոշումը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։ Զրուցակիցները նշեցին, որ բոլոր գործընթացները պէտք է ընթանան երկրի Սահմանադրութեան համապատասխան։ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսել եւս կը հետեւին Հայաստանի իրադարձութիւններուն, մինչ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի գործընկեր կարգ մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ. օրինակ՝ Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ այլք։ Կը հաղորդուի, որ Արմէն Սարգսեան խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ եղած է անընդհատ շփման մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018