ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ
Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս շրջանին ծնունդ տուած է բողոքի նոր ալիքի մը, որ վառ դրսեւորումներ կ՚ունենայ՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին մէջ։ Ընդդիմութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման որոնումներու մթնոլորտին մէջ վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան շուրջ։ Խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքները նոյնաժամանակ կ՚իրականացնեն այս շարժումը։ «Պատիւ ունիմ» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարը՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան Ազատութեան հրապարակին վրայ մշտական ցոյցի մը ձեռնարկած է։ Իսկ «Հայաստան» դաշինքի մասնակից կուսակցութիւնները մայրաքաղաքի զանազան հատուածներէ ներս կ՚իրականացնեն բողոքի երթեր՝ «Դիմադրութիւն» շարժման անուանումին ներքեւ։
Ոստիկանութիւնը բուռն ձեւով կը միջամտէ ընդդիմադիր ցուցարարներուն։
Ընդդիմադիր ղեկավար Արթուր Վանեցեան այս առաւօտ յայտարարեց. «Իշխանութիւնները կը ստեն, մեր պայքարի հետեւանքով նոր պատերազմ մը պիտի չըլլայ, նոր պատերազմ մը պիտի ըլլայ, եթէ իրենք մնան իշխանութեան գլուխ»։