Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Ռաիսի յոյս յայտնեց, թէ նորանշանակ դեսպանի պաշտօնավարութեան շրջանին էական յառաջընթաց կ՚արձանագրուի հարեւան ու բարեկամ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Իր կարգին, դեսպան Աւագեանն ալ նշեց, որ առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ուղղութեամբ։
Հարկ է յիշեցնել, որ Արսէն Աւագեան հայկական դիւանագիտութեան փորձառու դէմքերէն մին է, աւելի առաջ երկար ժամանակ պաշտօնավարած է նաեւ Իսթանպուլի մէջ՝ որպէս Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022