ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ դիւանագիտական երթեւեկը ամբողջ թափով կը շարունակուի՝ մինչ Անգարա առանցքային հանգոյցի մը վերածուած է։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես այսօր ուղեւորութեան կը ձեռնարկէ դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ, ուր նախատեսուած են իր հանդիպումները Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։

Այս կարեւոր ուղեւորութեան ընդառաջ ընդհանուր քարտուղարը երէկ հանդիպեցաւ Անգարա, ուր Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Շուրջ մէկուկէս ժամ քննարկումներ ծաւալուեցան եւ թրքական կողմը հերթական անգամ տեղեկացուց, որ հետամուտ է հրադադարի հաստատման։ Կութերեսն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած խաղաղութեան ջանքերուն համար։

Այսօր նախատեսուած է Էրտողանի հեռախօսազրոյցը Փութինի հետ։ Իսկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Կութերեսի շրջագայութեան սկզբնական փուլին հանդէս եկաւ մտահոգիչ յայտարարութիւնով մը. «Միջուկային պատերազմի սպառնալիքը իսկական է»։

Մինչ այդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին երէկ այցելեցին Ուքրայնա։ Քիեւի մէջ Զելենսքիի կողմէ ընդունուեցան անոնք։ Սա պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուաշինկթընէն Քիեւ այցելած ամենաբարձր մակարդակի պատուիրակութիւնն էր։ Փենթակոնի ղեկավարը Քիեւի մէջ բացայայտօրէն խօսեցաւ Ռուսաստանի բանակի տկարացման անհրաժեշտութեան մասին։ Իսկ Պլինքըն յայտնեց, որ Ռուսաստան ձախողած է այս պատերազմին մէջ։ «Ինքնիշխան, անկախ Ուքրայնան շատ աւելի երկար պիտի գոյատեւէ՝ քան Փութինը», յայտարարեց ամերիկացի պետական քարտուղարը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստան երէկ անակնկալօրէն հրադադար հռչակեց Մարիուփոլի մէջ, որ երկար ժամանակէ ի վեր ամենասաստիկ մարտերու թատերաբեմը կը հանդիսանայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022