ՆՈՐ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Նոր Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Այս վերջինը անցեալ տարուայ աշնան այցելած էր Երեւան։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին նախարարները անդրադարձան՝ նախորդ հանդիպման ժամանակ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին։ Միրզոյեան Նոր Տելհի մեկնած է՝ Հայաստանէն գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ոլորտէ ներս համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն։ Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները։

Հայկական կողմը ներկայացուց Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած իրավիճակը եւ իր դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացին շուրջ։ Այս ամբողջին մաս կազմեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները։ Միրզոյեան գոհունակութիւն յայտնեց Հնդկաստանի դիրքորոշման շուրջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ։ Ան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերակատարութեան նշանակութիւնը՝ հաշտութեան գործընթացին տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022