Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահն է։ Իկոր Խովայեւ Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, քննարկուեցան Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման վերաբերեալ հարցեր։
Խովայեւ եւ Պայրամով կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ։ Ռուս դիւանագէտը ընդգծեց Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար բանակցութիւններու մէջ բոլոր ոլորտներէ ներս յառաջընթացի արձանագրման։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022