«ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՆՔԶԻՆՔ ԺԱՄԿԷՏԻ ՄԸ ՃՆՇՄԱՆ ՏԱԿ ՉԻ ԶԳԱՐ»

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարին Թուրքիոյ կողմէ դրուած արգելքը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն ուշադրութեան առարկայ մնալ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման որոնումներուն մէջ, Շուէտէն եւ Ֆինլանտիայէն պատուիրակութիւններ երէկ այցելեցին Անգարա, ուր իրենց շփումներու նպատակն էր ապահովել Թուրքիոյ վեթոյի ջնջուիլը՝ անոնց ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան ճանապարհին։ Բանակցութիւններու ընթացքին թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։ Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, թրքական կողմը սեղանի վրայ դրաւ զանազան փաստաթուղթեր, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ այս երկու երկիրները ինչպէս տէր կը կանգնին ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի եւ ՖԵԹԷՕ-ի անդամներուն։ Ուստի, Թուրքիա պահանջեց, որ այս երկու երկիրները գրաւոր խոստումներ տան՝ ահաբեկչութեան ի նպաստ աջակցութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն բանակցութիւններէն վերջ յայտնեց, որ գործընթացը չի կրնար յառաջանալ՝ եթէ անվտանգութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները շօշափելի քայլերով չդիմագրաւուին։ Ըստ Քալընի, թրքական կողմը երկխօսներուն տուած է անհրաժեշտ պատգամը։ Արդարեւ, ՆԱԹՕ անվտանգութեան դաշինք մըն է, տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւն մը կամ այլ լծակ մը չէ։ Այս կառոյցի հիմքին անվտանգութիւնը կը գտնուի, հետեւաբար դաշինքի ամենահիմնական նիւթն է՝ անդամներու անվտանգութեան մտահոգութիւններու հաւասար ու արդար ձեւով դիմագրաւումը։ Հետեւաբար, այն երկիրները, որոնք նոր պիտի անդամակցին ՆԱԹՕ-ին, պէտք է նկատի առնեն անդամ երկիրներու անվտանգութեան մտահոգութիւնները։

Քալըն յիշեցուց, որ յառաջիկայ յունիսի վերջաւորութեան Մատրիտի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովը, սակայն թրքական կողմը ժամկէտի առումով ինքզինք որեւէ ճնշումի տակ չի զգար։ Թուրքիա վճռական է, որպէսզի իր անվտանգութեան մտահոգութիւններու դիմագրաւումով կախուածութեան մէջ դրուին այն քայլերը, որոնցմով գործընթացը պիտի զարգացուի։

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022