ՉԵԽԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լիւպոմիր Զաորալէքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Ողջունելով հիւրը, նախարար Նալպանտեան բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ յաճախակի փոխայցերը՝ շեշտելով, որ անոնք կը նպաստեն տարբեր բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան աւելի զարգացման եւ կը վկայեն յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի մասին։
Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրի եւ հիւրընկալութեան համար՝ հիւր նախարարը իր հերթին նշեց, որ Չեխիա Հայաստանը կը համարէ արժէքաւոր բարեկամ եւ կարեւոր գործընկեր մը, կը կարեւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացումն ու ամրապնդումը, եւ իր այցելութիւնը կը հետապնդէ այդ նպատակը։
Կողմերը ընդգծեցին, որ վերջին տարիներուն հայ-չեխական յարաբերութիւնները կ՚ապրին աշխոյժ զարգացում մը։ Անոնք համակարծիք էին, որ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը պայմանաւորուած է նաեւ Փրակի եւ Երեւանի դեսպանութիւններու նպատակաուղղեալ եւ հետեւողական աշխատանքով։
Բանակցութիւններու ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն, միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս փոխգործակցութեան, միջխորհրդարանական համագործակցութեան, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խորացման առընչուող հարցերու լայն շրջանակ։
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոպական միութիւն փոխգործակցութեան, Ռիկայի գագաթաժողովի արդիւնքներուն շուրջ։ Ընդգծուեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն նոր իրաւական հէնքի ձեւաւորման շուրջ բանակցութիւններու եւ վիզայի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի կարեւորութիւնը։
Նալպանտեան հիւրին ներկայացուց Մեծ եղեռնի 100-ամեակին առթիւ տեղի ունեցող ոգեկոչման ձեռնարկներն ու անոնց խորհուրդը։ Ան երախտագիտութեան յիշատակեց նաեւ Չեխիոյ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած բանաձեւը, Չեխիոյ մէջ կազմակերպուած տասնեակ ձեռնարկները։
Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն։ Նալպանտեան իր գործընկերոջ ներկայացուց ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Հանդիպման աւարտին անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Նալպանտեան եւ Զաորալէք ներկայ գտնուեցան նաեւ Երեւանի մօտ Չեխիոյ դեսպանութեան նոր գրասենեակի պաշտօնական բացման արարողութեան։
Հիւր նախարարը այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ։