ՍԱՐԳՍԵԱՆԷ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի մահը մեծ սուգ յառաջ բերած է հայաշխարհէն ներս։ Հոգեւոր առաջնորդը համակրելի դէմք մըն էր ազգային կեանքէ ներս, ինչ որ կը պայմանաւորէ իր մահուան յառաջացուցած խոր ափսոսանքը։ Այս առթիւ ցաւակցական ուղերձ մը հրապարակեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։ «Ըլլալով եռանդուն եւ հեղինակաւոր հոգեւոր գործիչ մը, տարիներ շարունակ ան մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հոգեւոր-մշակութային կեանքի աշխուժացման, հայրենիք-սփիւռք համակողմանի կապերու խորացման եւ սերտացման աշխատանքին մէջ», նշուած է Սերժ Սարգսեանի ուղերձին մէջ։ Ան այս առթիւ յայտնած է նաեւ իր ցաւակցութիւնը՝ ականաւոր հոգեւոր առաջնորդի եւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակի մահուան կապակցութեամբ։