ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՓՈՒԼ

Շաբաթավերջի ընտրութիւններէն վերջ Թուրքիոյ օրակարգը ներկայիս ամբողջութեամբ կեդրոնացած է նոր կառավարման համակարգի լիարժէք հաստատումով։ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը 5 յուլիսին պաշտօնապէս պիտի հրապարակէ ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը։ Աւելի վերջ 27-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովը աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ 8 յուլիսին։ Նորընտիր երեսփոխանները խորհրդարանի երդիքին տակ այդ թուականին պիտի կատարեն իրենց երդումը։ Երեսփոխաններու երդումէն վերջ, երդուեալ խորհրդարանին առջեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան 9 յուլիսին պիտի կատարէ իր երդումը։ Այս փուլէն վերջ պիտի սկսի նոր գործադիր մարմնի ձեւաւորումը։ Էրտողան խորհրդարանէ դուրս անուններէ պիտի նշանակէ փոխ-նախագահներ եւ նախարարներ։ 18-19 յուլիսին ալ յայտնի պիտի դառնան խորհրդարանի նոր նախագահն ու դիւանը։

Կառավարման նոր համակարգի վերաբերեալ ներդաշնակեցման օրէնքներու ընդունուիլը յառաջիկայ շրջանի օրակարգի նիւթերու շարքին է։ Նախկին կառավարութիւնը, ընտրութիւններէն առաջ, խորհրդարանի արձակուրդի նախորդած փուլին լիազօրութիւն ստացած էր՝ յետընտրական շրջանի օրէնքի համազօր որոշմնագիրը ընդունելու համար։ Անցումային օրէնսդրութիւնը պիտի ընդունուի այս հիման վրայ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նոր շրջանին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գայ նաեւ վճարովի զինուորական խնդիրն ու արտակարգ դրութեան գործադրութեան դադրեցումը։

Շաբաթավերջի ընտրութիւններու արդիւնքի լոյսին տակ Էրտողան շնորհաւորականներ կը ստանայ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներէն։ Կը հաղորդուի, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանլըտ Թրամփն ալ մտադիր է հեռաձայնով կապ հաստատել Էրտողանի հետ։ Ան երէկ շնորհաւորութեան զանգեր ստացած է նաեւ իր երկու մրցակիցներէն՝ Մուհարրէմ Ինճէի եւ Թեմէլ Քարամոլլաօղլուի կողմէ։

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՐԸ

Շաբաթավերջի ընտրութիւնները ընդդիմութեան տեսակէտէ ալ լուրջ փոփոխութիւններու մթնոլորտ մը ստեղծած են։ Մասնաւորապէս գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի շարքերէն ներս հասունցած ըլլալ կը թուի փոփոխութեան պահանջ մը եւ քաղաքական մեկնաբանները լուրջ ակնկալութիւններ ունին այս ուղղութեամբ։ Այսօր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ նախագահի թեկնածու Մուհարրէմ Ինճէ կ՚ունենան հանդիպում մը՝ արժեւորելու համար ընտրութիւններու արդիւնքը։ Մուհարրէմ Ինճէ երէկ Անգարայի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ կը ճանչնայ ընտրութիւններու արդիւնքը։ Ան իր կուսակցութեան բաղդատմամբ շատ աւելի բարձր համեմատութեամբ քուէ ստացաւ՝ 30.6 տոկոսով։ Մուհարրէմ Ինճէ այս առթիւ յիշեցուց, որ ՃՀՓ 41 տարի վերջ յաջողած է յաղթահարել 30 տոկոսի պատնէշը եւ այժմ կարգը հասած է 50 տոկոսի պատնէշի յաղթահարման։

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018