ԿԵԶԻԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԳՈՐԾԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ

Իսթանպուլի 30-րդ Ծանր պատժական ատեանէն ներս երէկ շարունակուեցաւ Կեզի զբօսայգիի դէպքերու գործին դատավարութիւնը։ Սիլիվրիի կալանավայրի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս դատավարութիւնը, որու մեղադրեալները կ՚ամբաստանուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը քանդելու նախաձեռնութեան մեղադրանքով։ Դատարանը որոշեց բանտարկեալ մեղադրեալներէն Եիղիթ Աքսաքօղլուի կալանման վերջ տալ։ Ան յառաջիկայ շրջանին պիտի դատուի՝ առանց կալանավայրի մէջ պահուելու։ Դատարանը նման որոշում մը չտուաւ բանտարկեալ միւս ամբաստանեալներէն Օսման Քավալայի պարագային։ Այս վերջինը պիտի շարունակէ մնալ բանտի մէջ՝ ըստ դատակազմին կողմէ հրապարակուած միջանկեալ որոշման։

Կեզիի դէպքերու վերաբերեալ յաջորդ դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18-19 յուլիսին, նոյնպէս Սիլիվրիի մէջ։ Այդ փուլին դատակազմը պիտի ունկնդրէ մեղադրեալներու փաստաբաններուն։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019