ՀՆԱՄԵՆԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔԻ ՓՈՐՁ ՊՈՒՐՍԱՅԻ ՄԷՋ

Պուրսայի մէջ չորս կասկածեալ  ձերբակալւեցաւ ոստիկան զօրաց կողմէ։ Անոնք կը փորձէին վաճառել պատմական նշանակութեամբ երկու Աւետարան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ոստիկան զօրաց Պուրսայի բաժանմունքին հասաւ տեղեկատուութիւն, ըստ որու այդ չորս անձերը փափաքած են վաճառել պատմական նշանակութեամբ երկու Աւետարան։ Ոստիկան զօրքերը հանդէս գալով իբրեւ գնորդ հանդիպած են կասկածեալներուն հետ։ Այս բոլորէն վերջ այդ կասկածեալները ձերբակալուած են։ Անոնք այդ աւետարաններուն փոխարէն կը պահանջէին 1 միլիոն 750 հազար ամերիկեան տոլար։

Ներկայիս այդ երկու աւետարանները կ՚ենթարկուին թեքնիկ զննումի, որու հիման վրայ պիտի պարզուի անոնց հնութիւնը։ Ըստ առաջին տուեալներուն, այդ աւետարանները կը պատկանին քրիստոնէութեան տարածման վաղ շրջանին։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019