ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պրիւքսելի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն ժողովը։ Երկօրեայ հաւաքի ծիրէն ներս նախատեսուած է Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարք Էսփըրի հանդիպումը։

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ներկայիս ծագած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ նախարարներուն հանդիպումը։ Թուրքիա որոշած է ձեռք բերել Ս-400 ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր։ Ամերիկեան կողմը ծայր աստիճան վերապահութեամբ կ՚ընկալէ այս քայլը, որու դէմ կը պատրաստուի Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու ծրագրէն դուրս թողուլ Թուրքիան։ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի նաեւ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկել։ Անգարա յամառօրէն կ՚ընդգծէ, որ այս բոլորը անյարիր են դաշնակիցներու յարաբերութիւններու ոգիին։ Ուստի, երկու նախարարները այսօր Պրիւքսելի մէջ կը քննարկեն ստեղծուած իրավիճակը։

Հուլուսի Աքարի եւ Մարք Էսփըրի միջեւ այսօր նախատեսուած հանդիպման զուգահեռ՝ Սպիտակ տան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթավերջին պիտի տեսակցին Ճաբոնի Օսաքա քաղաքին մէջ, «Կ-20»ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ԱՄՆ ներկայիս միայն Թուրքիոյ հետ խնդիրներ չ՚ապրիր, այլեւ շատ աւելի տագնապալի, ծանրակշիռ վիճակի մը մէջ է տարածքաշրջանի երկիրներէն Իրանի հետ։ Արեւմտեան Երուսաղէմի մէջ երէկ այս բոլորին տեսակէտէ շատ կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն, Ռուսաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւ Իսրայէլի վարչապետի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մէյըր Պենշապատ ունեցան եռակողմանի հանդիպում մը։ Անոնք ընդունուեցան նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ։ Սուրիոյ ճգնաժամի քննարկման նպատակով կազմակերպուած էր այս հաւաքը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ տարածքաշրջանէ ներս Իրանի ազդեցութիւնը։

Նիքոլայ Փաթրուշեւ այս փուլին անընդունելի համարեց, որ Իրան կը ներկայացուի՝ որպէս տարածքաշրջանային անվտանգութեան սպառնալիք եւ կը բաղդատուի ահաբեկչական միջազգային խմբաւորումներու հետ։ Փաթրուշեւ կոչ ուղղեց, որպէսզի ԱՄՆ եւ Իսրայէլ քաղաքական լուծում մը խրախուսեն Սուրիոյ տագնապի պարագային։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019