ՊԱՂՏԱՏԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրաքի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի հետ։ Մնացականեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը՝ նշանակման կապակցութեամբ եւ մաղթեց յաջողութիւններ այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ։ Նախարարները անդրադարձան քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած իրադրութեան, համապատասխան մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղութեամբ երկու երկիրներէ ներս ձեռնարկուած քայլերուն ու ձեռք առնուած միջոցներուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան եւ Հիւսէյին գոհունակութիւն յայտնեցին պատմական կապերով միահիւսուած Հայաստան-Իրաք բազմադարեայ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Անոնք վերահաստատեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ ջանքեր գործադրելու համար այդ բոլորը առաւել խորացնելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները կարեւորեցին Հայաստան-Իրաք միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆուատ Հիւսէյին բարձր գնահատեցին իրաքահայ համայնքի դերակատարութիւնը՝ երկու ժողովուրդներու եւ երկիրներու մերձեցման տեսակէտէ։ Ընդգծուեցաւ, որ իրաքահայութիւնը նշանակալի ներդրում մը ունեցած է երկրի ընկերատնտեսական եւ քաղաքական կեանքէն ներս։ Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակցին՝ Իրաքի մէջ հայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուած աւանդական ջերմ վերաբերմունքին եւ հոգատարութեան համար։

Զրոյցի տեւողութեան նախարարները անդրադարձան միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցերու՝ երկուստեք ընդգծելով տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան կարեւորութիւնը։ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆուատ Հիւսէյին հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք ընդգծուեցաւ տարածքաշրջանէ ներս ազգային, կրօնական եւ էթնիք փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, հոգեւոր ու պատմական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020