ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆԱՏՈՒՆ ԳՐԱՒԱԾ ԶԻՆԵԱԼ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀՐԿԻԶԵԼ ԾԱՌԱՅՈՂԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐ
Երեւանի մէջ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ բռնագրաւուած ոստիկանատան շուրջ ապրուած դէպքերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը։ Թէեւ պատանդ վերցուած ոստիկանները ամբողջութեամբ ազատուած են, սակայն ոստիկանատունը կը շարունակեն իրենց հակակշռին տակ պահել «Սասնայ ծռեր»ը։ Երեւանի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունի թաղամասի Խորենացի փողոցին վրայ կ՚ապրուին արտասովոր ու բռնի իրադարձութիւններ։ Ընդդիմադիր շրջանակներն ալ օրերէ ի վեր արդէն փողոց դուրս եկած են՝ բողոքի համար։ «Հիմնադիր խորհրդարան» ընդդիմադիր խմբաւորման ձերբակալեալ առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակման եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի պահանջով ձեռնարկուած այս շարժումը միշտ կ՚ունենայ մտահոգիչ հետեւանքներ։ Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյցերն ու երթերը իրարու կը յաջորդեն։ Մայրաքաղաքի կեանքը դուրս եկած է բնականոն հունէն։ «Սասնայ ծռեր» խումբը նախընթաց օր ոստիկանական ծառայողական ինքնաշարժ մը հրկիզած էր՝ իր բռնագրաւած ոստիկանատունէն ներս։ Երէկ ալ զինեալ այդ խումբը հրկիզեց եւս երկու ոստիկանական ինքնաշարժ։ Պետական պատկան մարմինները կը շարունակեն հանդէս գալ զսպուածութեան կոչերով, մինչ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի յառաջատար դէմքերէն Չուգասըզեանի դէմ հարցաքննութեան մը սկսելու որոշում առնուած է։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած բողոքի հանրահաւաքներուն եւ երթերուն ժամանակ յառաջատար դիրքերու վրայ հանդէս կու գան նաեւ կարգ մը ընդդիմադիր երեսփոխաններ. օրինակ՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն Արմէն Մարտիրոսեան։