ՍԾՏՀԿ-Ի ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐԸ

Bloomberg Businessweek-Türkiye շա­բա­թա­թեր­թը հար­ցազ­րոյց մը հրա­տա­րա­կեց Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեա­նի հետ։ Շա­բա­թա­թեր­թի վեր­ջին թի­ւին մէջ լոյս տե­սած տե­սակ­ցու­թեան հե­ղի­նակն է  Մեհ­մէտ Էր­տո­ղան Էլ­կին։ 

Կով­կա­սի ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ Հա­յաս­տա­նի դիր­քին մա­սին կա­րե­ւոր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կած է Ար­սէն Ա­ւա­գեան, որ ընդգ­ծած է ՍԾՏՀԿ­-ի ներ­կա­յա­ցու­ցած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նին տե­սա­կէ­տէ։ Իր խօս­քե­րով, սխալ կ՚ըլ­լայ ՍԾՏՀԿ­-ի տա­րած­քաշր­ջա­նին նշա­նա­կու­թեան ստո­րագ­նա­հա­տու­մը, իսկ Հա­յաս­տա­նի դէմ շրջա­փա­կում­նե­րը բա­ցա­սա­բար կ՚անդ­րա­դառ­նան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ։

Հար­ցազ­րոյ­ցի հե­ղի­նա­կը, իր հեր­թին, նշած է՝ թէ ՍԾՏՀԿ հիմ­նուած է Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն վերջ, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Բայց եւ այն­պէս, ան­դամ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րը կը ստեղ­ծեն այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ ՍԾՏՀԿ մատ­նուած է ան­գոր­ծու­թեան։ Մի­ջոց մը ա­ռաջ Սո­չիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը, ո­րու ար­դիւնք­նե­րու լոյ­սին տակ Ար­սէն Ա­ւա­գեա­նի տե­սա­կէտ­նե­րը շօ­շա­փուած են՝ ՍԾՏՀԿ­-ի ներ­կայ դիր­քին եւ ա­պա­գա­յին շուրջ։ Հար­ցազ­րոյ­ցի հե­ղի­նա­կը շեշ­տած է, որ փոր­ձա­ռու դի­ւա­նա­գէտ մը ըլ­լա­լու ա­ռըն­թեր՝ Ար­սէն Ա­ւա­գեան պատ­մա­բան մըն է։ Ան Հա­յաս­տա­նի միակ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Թուր­քիոյ մէջ։

Ամ­փո­փե­լով ՍԾՏՀԿ­-ի հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը՝ ան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «ՍԾՏՀԿ 1992 թուա­կա­նին հիմ­նուե­ցաւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նպա­տա­կով։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը եւ միւս հիմ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը թէեւ այդ շրջա­նի քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րուն հա­մա­ձայն նա­խա­տե­սուած էին, սա­կայն ըստ էու­թեան ան կը շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին նոր սպառ­նա­լիք­նե­րու դէմ պայ­քա­րի նպա­տա­կով, կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 20-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ 2012 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, ՍԾՏՀԿ­-ի հա­մար ըն­դու­նուե­ցաւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ գոր­ծադ­րու­թեան նոր տնտե­սա­կան օ­րա­կարգ մը եւ ծրա­գիր մը։ Նոյն գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին որ­դեգ­րուած հա­սա­րա­կա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ Այդ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ ՍԾՏՀԿ­-ի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն հիմ­քը կը հան­դի­սա­նան։ ՍԾՏՀԿ­-ի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ նե­րու­ժի օգ­տա­գոր­ծու­մով անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րը կ՚առ­նուին՝ որ­պէս­զի զա­նա­զան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ զար­գա­նայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, նե­րա­ռեալ Եւ­րո­միու­թիւ­նը»։­

Ու­րիշ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Ար­սէն Ա­ւա­գեան շեշ­տած է, թէ ՍԾՏՀԿ ա­մուր նե­րուժ մը ու­նի թէ՛ տնտե­սա­կան ա­ռու­մով եւ թէ կա­ռու­ցուած­քա­յին տե­սա­կէ­տէ։ Առ­կայ խնդի­րը հե­տե­ւեալն է. 2017 թուա­կա­նի Յու­նի­սին ՍԾՏՀԿ պի­տի նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ այս կա­ռոյ­ցը ար­դեօք ի՞նչ հա­մե­մա­տու­թեամբ պի­տի կա­րե­նայ կեան­քի կո­չել վե­րո­յի­շեալ ռազ­մա­վա­րու­թեան կէ­տե­րը եւ ար­դեօք պի­տի յա­ջո­ղի՞ ստեղ­ծել տնտե­սա­կան նոր օ­րա­կարգ մը։ Այս ա­ռու­մով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դրա­կան ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւն մը ու­նի՝ ՍԾՏՀԿ­-ի բարձր մա­կար­դա­կի ի­րա­ւա­սու­նե­րու եւ այլ մար­մին­նե­րու ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման, ելմ­տա­կան եւ այլ հար­ցե­րու շուրջ վե­րա­կա­ռուց­ման ու նոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հին հայ­կա­կան կող­մը կը հիմ­նա­ւո­րէ իր դիր­քո­րո­շու­մը եւ կը յղա­նայ զա­նա­զան շի­նիչ ու ազ­դու ա­ռա­ջարկ­ներ։ Հա­յաս­տան կը պաշտ­պա­նէ բա­րե­փո­խում­նե­րը՝ ՍԾՏՀԿ­-ի եւ ա­նոր մշտա­կան մի­ջազ­գա­յին քար­տու­ղա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Այդ բա­րե­փո­խում­նե­րը ուղ­ղուած են շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եւ նա­խա­ձեռ­նարկ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման, քար­տու­ղա­րու­թեան աշ­խա­տա­կից պաշ­տօ­նեա­նե­րու ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին, քար­տու­ղա­րու­թեան կա­նո­նի յստա­կեց­ման եւ այլ նման խնդիր­նե­րու։ Ար­սէն Ա­ւա­գեան վստա­հու­թիւն յայտ­նած է, թէ այս բո­լո­րը պի­տի ա­պա­հո­վեն տա­րած­քա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը եւ նա­խա­տե­սուած յա­ռա­ջըն­թա­ցը։ Ա­ւա­գեա­նի հա­մոզ­մամբ, ՍԾՏՀԿ­-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ո­րո­շում­նե­րը, ստո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը եւ ըն­դու­նուած զե­կոյց­նե­րը պի­տի ա­պա­հո­վեն՝ որ­պէս­զի ամ­րապն­դուի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Ար­սէն Ա­ւա­գեա­նի նկա­տառ­ման յանձ­նուած է այն մօ­տե­ցու­մը, թէ ՍԾՏՀԿ ի­մաս­տազր­կուած է, մատ­նուած ան­գոր­ծու­թեան։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան յայտ­նած է հե­տե­ւեա­լը.

«Իբ­րեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տնտե­սա­կան միակ կա­ռոյց՝ ՍԾՏՀԿ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Հա­շուի առ­նե­լով այս ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը՝ սխալ կ՚ըլ­լայ կազ­մա­կեր­պու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ստո­րագ­նա­հա­տել։ Այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կ՚ընդգր­կէ տաս­ներ­կու եր­կիր­ներ, ո­րոնք տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սա­կա­ւո­րու­թեան ա­ռու­մով ու­նին զա­նա­զան մօ­տե­ցում­ներ։ Ա­նոնց­մէ ո­մանց տե­սա­կան դիր­քո­րո­շու­մը կա­խում ու­նի տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս առ­կայ քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րէն։ Ան­դամ կարգ մը եր­կիր­ներ որ­դեգ­րած են այս կա­ռոյ­ցը քա­ղա­քա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղեալ կոր­ծա­նիչ ռազ­մա­վա­րու­թիւն­ներ, ինչ որ մտա­հո­գիչ է։ ՍԾՏՀԿ­-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս տնտե­սա­կան նպա­տակ­նե­րով աշ­խա­տանք­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս բազ­մազգ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը միշտ կա­րե­ւո­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած են Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ու պի­տի շա­րու­նա­կեն ար­ժա­նա­նալ։ ՍԾՏՀԿ­-ի ան­դամ կարգ մը եր­կիր­ներ Հա­յաս­տա­նի դէմ կը տե­ւա­կա­նաց­նեն կա­նոն­նե­րէ դուրս, խո­չըն­դո­տիչ շրջա­փա­կում մը։ Այս դիր­քո­րո­շու­մը ծնունդ կու տայ այն­պի­սի հե­տե­ւանք­նե­րու, ո­րոնք ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­ներ կը գոր­ծեն։ Նման վե­րա­բեր­մուն­քը ա­նըն­դու­նե­լի է Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ»։

Մեկ­նա­բա­նե­լով Սո­չիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­րար­նե­րու վեր­ջին ժո­ղո­վը՝ Ար­սէն Ա­ւա­գեան դի­տել տուած է, թէ Հա­յաս­տան դրա­կան կը հա­մա­րէ ՍԾՏՀԿ­-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն հա­մախմ­բու­մը։ Սո­չիի մէջ Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րած էր Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ իր ե­լոյ­թին մէջ անդ­րա­դար­ձած էր 2012 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած փաս­տա­թուղ­թին եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ի գործ դրուած ջան­քե­րուն։

«Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան նշեց, թէ կը կա­րե­ւո­րէ տնտե­սա­կան ու ա­ռեւտ­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, քննար­կուած են հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու, զբօ­սաշր­ջու­թեան, մշա­կոյ­թի, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, գի­տու­թեան, փոր­ձա­գի­տու­թեան եւ այլ ո­լորտ­նե­րէ ներս նիւ­թեր ու բա­ցա­յայ­տօ­րէն շեշ­տած է, որ պէտք չէ թոյլ տալ ՍԾՏՀԿ­-ի քա­ղա­քա­կա­նաց­ման։ Ա­ւե­լի քան վեց ա­մի­սէ ի վեր ՍԾՏՀԿ­-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը կը վա­րէ Ռու­սաս­տան եւ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կը գնա­հա­տենք տա­րած­քաշր­ջա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Յի­շեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հինգ տար­բեր ճիւ­ղե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցան նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով ժո­ղով­ներ ու տուեալ ո­լորտ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րը զար­գա­ցուե­ցան։ Շօ­շա­փե­լի քայ­լեր առ­նուե­ցան՝ ՍԾՏՀԿ­-ի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան ու գործ­նա­կա­նու­թեան բարձ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ», մատ­նան­շեց Ար­սէն Ա­ւա­գեան։   

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րած Մեհ­մէտ Էր­տո­ղան  Էլ­կին Ա­ւա­գեա­նի խօս­քե­րը փո­խան­ցե­լէ վերջ ընդգ­ծած է, որ ՍԾՏՀԿ­-ի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու տնտե­սա­կան հզօ­րու­թեան ստո­րագ­նա­հա­տու­մը կրնայ դժուա­րաց­նել ըն­կա­լու­մը Կով­կա­սի աշ­խար­հագ­րու­թեան թա­փին։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016