«ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՆԸ…»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ֆրանսա, Փարիզի մէջ ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Ան ֆրանսական մայրաքաղաքի հարաւ-արեւմտեան արուարձաններէն Սեւր քաղաքին մէջ այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան երբեմնի «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանը, ուր երկար ժամանակէ ի վեր դադրած է կրթութիւնը եւ շէնքը կ՚օգտագործուի որպէս ընկերամշակութային կեդրոն։ Արմէն Սարգսեանի այցելութեան ներկայ էր նաեւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Զեքիեան Գերապայծառ խօսեցան Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան, առկայ դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն եւ մասնաւորապէս՝ «Սամուէլ Մուրատեան» Սեւրի վարժարանի ու մշակոյթի կեդրոնի ապագային վերաբերեալ։ Նախագահը եւ գերապայծառը նախ ունեցան հանդիպում մը, որմէ վերջ միասնաբար ուղղուեցան դէպի Սեւր եւ այցելեցին վարժարանի շէնքը։

Մեծ Փարիզի «Ոսկէ եռանկիւն»ի ճիշդ կեդրոնին կը գտնուի դպրոցի շէնքը, որ կը համարուի սփիւռքի պատմութեան ամենախորհրդանշական հաստատութիւններէն մին։ Այդ մէկը մխիթարեաններու սեփականութիւնն է։ Վարժարանը հիմնուած է 1834 թուականին, Լուի-Ֆիլիփ թագաւորի հրամանով, իսկ ներկայ շէնքը սկսած է գործել 1928 թուականին։ Այնտեղ կրթուած են հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու բազմաթիւ սերունդներ։ Վերջին տարիներուն արդէն փակուած դպրոցի շէնքը մնացած է բազմաթիւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման։ Մխիթարեան միաբանութիւնը բաւարար միջոցներ չունի վերանորոգելու եւ որպէս մշակութային եւ կրթական օճախ ծառայեցնելու շէնքը, որ ներկայիս բարւոք վիճակ մը չունի։ Միեւնոյն ժամանակ, փորձ կը կատարուի գտնել ճիշդ լուծումներ, որովհետեւ այդ շէնքն ու յարակից համալիրը ազգային հարստութիւն կը համարուին։

Նախագահ Սարգսեան շրջայց մը կատարեց վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի տարածքէն ներս, ծանօթացաւ պայմաններուն։ «Այսօր ինծի բախտ վիճակած է գտնուիլ մեր ժողովուրդի արժէքներէն մէկուն սրտին վրայ։ Կ՚ուզեմ դիմել մեր բոլոր հայրենակիցներուն. երբ կու գաք Ֆրանսա, Փարիզի մէջ կայ գեղեցիկ վայր մը՝ այս մանկավարժական կեդրոնը, որ 200 տարիէ աւելի ծառայած է ու կը շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդին։ Իւրաքանչիւր հայ մարդու համար մեծ պատիւ է այստեղ գտնուիլ, գալ իր սեփական պատմութեան, անոր ակունքներուն ու արժէքներուն ծանօթանալ։ Այս պալատի սենեակներէն մէկուն մէջ մահացած է Տիտերոն։ Ֆրանսայի կայսեր քարտէսագիտութեան ղեկավարի տունը եղած է։ Սա ֆրանսական եւ միեւնոյն ժամանակ, հայկական պատմութիւնն է։ Առիթ մըն է դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելու Մխիթարեան միաբանութեան, որ այս մեծ արժէքը պահած եւ պահպանած է ժողովուրդի համար», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ որպէս հայ մարդ՝ իրեն համար մեծ պատիւ է այդ վայրին մէջ գտնուիլը։

Իր կարգին, Զեքիեան Գերապայծառն ալ պատմական համարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի այցելութիւնը վարժարան։ «Ինծի համար մեծ երջանկութիւն էր հանդիպիլ նախագահին հետ եւ զինքը հիւրընկալել վարժարանին մէջ։ Ամէն օր չէ, որ Հայաստանի նախագահը կ՚այցելէ վարժարան։ Պարոն նախագահը իմաստուն եւ հեղինակաւոր անձ մըն է եւ իր նախագահութիւնը կը համարեմ մեր հայրենիքի, հայոց աշխարհի համար Աստուծոյ պարգեւ», ըսաւ ան։

Հանդիպման ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ տեղեկացուց, որ մխիթարեաններուն պատկանող բոլոր հաստատութիւններէն ներս սկսած է վերանորոգման գործընթացը։ «Հիմնական կարգը այն է, որ պատմական, մշակութային արժէք ներկայացնող շէնքերը բացարձակապէս վաճառքի առարկայ չեն։ Հետեւաբար, այս կալուածը՝ 13.500 քառակուսի մեթր տարածութեամբ, ամբողջութեամբ կը մնայ որպէս Մխիթարեան սեփականութիւն», ըսաւ գերապայծառը եւ աւելցուց, որ կը մտածեն շէնքի պատմութեան արժանի հայագիտական մեծ կեդրոն մը ստեղծել։ Այդ կեդրոնը պիտի ունենայ իր գիտահետազօտական մասը, հանդիսութիւններու բաժինը եւ հետազօտողներու համար հիւրընկալութեան վայրը։ Իսկ շէնքի ետեւի հատուածին մէջ, ըստ Զեքիեան Գերապայծառի, մտադրութիւն կայ կառուցել շահութաբեր վայր մը։ «Եթէ յառաջիկայ ութ ամիսներու ընթացքին որեւէ կազմակերպութիւն, հայկական հաստատութիւն, անհատ երեւան գայ եւ առաջարկէ լաւագոյն պայմանները, քան եղած են անկասկած, դուռը բաց է եւ անմիջապէս սեղան կը նստինք բանակցելու համար՝ քննարկելու պայմաններն ու հասնելու եզրակացութեան», ըսաւ Զեքիեան Գերապայծառ։

Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, վարժարանի շէնքի եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Հայր Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեանն ալ յայտնեց, որ հինաւուրց այս դպրոցը ունի հարուստ պատմութիւն եւ Մխիթարեան միաբանութեան կրթական օրրաններէն մին է։ «Ան հայութեան տունն է, Հայաստանի փոքրիկ մէկ կտորը, որ հարուստ է պատմական եւ մշակութային արժէքներով», ընդգծեց ան։

Անդրադառնալով շէնքի պարագային ստեղծուած կացութեան՝ Արմէն Սարգսեան ըսաւ.

«Այսօր հասած ենք հանգրուանի մը, ուր պէտք է որոշումներ ընդունինք։ Մխիթար Աբբահայրը միայն հոգեւոր առաջնորդ մը, փիլիսոփայ մը, գրականագէտ մը չէր, ան փայլուն գործարար մարդ մըն էր։ Իր տեսլականով ստեղծուեցաւ Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ հսկայական հարստութիւն ունէր եւ ունի աշխարհի մէջ։ Ժամանակն է, որ մենք՝ որպէս հայութիւն, գանք ու կանգնինք միաբանութեան կողքին, որպէսզի մշակութային, կրթական, նիւթական այդ հարստութիւնը պահպանուի եւ պաշտպանուի։ Իմ այցելութեան նպատակներէն մին սա է՝ ցոյց տալ, որ մենք անտարբեր չենք։ Անտարբեր չենք որպէս հայ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, իսկ իմ պարագային՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ։ Ուրախ եմ, որ մեր զրոյցի ընթացքին սրբազանը նոյնպէս համոզուեցաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ միայն անտարբեր չէ, այլեւ պատրաստ է աջակցիլ ճիշդ լուծումներ գտնելու. լուծումներ, որոնք կ՚աջակցին միաբանութեան, որպէսզի իր առջեւ կանգնած դժուարագոյն ելմտական ու տնտեսական խնդիրները լուծուին, կ՚աջակցին, որ կերդոնը շարունակէ ծառայել ոչ միայն միաբանութեան, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին։ 8-9 ամիս դռները բաց են, որ որեւէ հայ, հայկական կազմակերպութիւն բերէ իր առաջարկը, թէ ինչպէս կարելի է այս պատմական կառոյցը վերականգնել, դարձեալ ծառայեցնել հայրենիքին՝ աւելի բարձր մակարդակով։ Դժուար խնդիր է, բայց՝ լուծելի։ Կը կարծեմ՝ այսօրուընէ սկսեալ մեր բոլոր հայրենակիցները պէտք է փորձեն իրենց ներդրումը բերել»։

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019