ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Reddit կայքէջի եւ Initialized Capital ընկերութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի վարէ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համագումարը (The World Congress on Information Technology [WCIT]): Այս մասին Դիմագիրքով տեղեկացուցած է WCIT 2019-ը:

Աղբիւրին համաձայն՝ Ալեքսիս Օհանեան պիտի օգնէ նոր startup-ներու՝ ճանապարհ հար-թելու համար եւ պիտի բաժնէ իր թարմ գաղափարները, խորհուրդները եւ սեփական մտայղացումները:

Բաց աստի, այս տարուան հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ WCIT 2019 Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը: Համաշխարհային մակարդակով այս ժողովին, զոր կը կազմակերպէ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու եւ
սպասարկումներու համաշխարհային դաշինքը (WIT-SA) Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ,
պիտի մասնակցին տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ոլորտի փորձագէտներ, պաշտօնական
դէմքեր եւ տեղեկատուական
փորձագիտութիւններու
յառաջատար ընկերութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: Կազմակերպչական աշխատանքները կը վարէ Առաջաւոր փորձագիտութիւններու ընկերութիւններու միութիւնը:

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019