ՎԻԶԱՅԻ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՋՆՋՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքացիներու ճամբորդութեան պարագային յառաջիկայ շրջանին պիտի ջնջուի մուտքի արտօնութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Պաքուէն դիւանագիտական աղբիւր մը տեղեկացուցած է, որ գործադրութիւնը պիտի սկսի սեպտեմբերի 1-ին։

2007 թուականին Անգարա միակողմանիօրէն վիզայի արտօնութիւնը ջնջած էր Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն համար։ Ներկայիս այդ երկրի քաղաքացիները իրաւունք ունին առանց վիզայի մուտք գործել Թուրքիոյ տարածքը ու երեսուն օր մնալու երկրին մէջ։

Վիզաներու փոխադարձ ջնջումը երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր Անգարա-Պաքու օրակարգին վրայ։ Ներկայիս, Ա-տըրպէյճանի իշխանութիւններն ալ որոշած են հետեւիլ նոյն ուղղութեան։ Ուստի, սեպտեմբերի 1-էն սկսեալ Թուրքիոյ քաղաքացիները պարտաւոր պիտի չըլլան վիզա ստանալ Ատրպէյճան այցելելու համար։ Թուրքիոյ քաղաքացիներն ալ պիտի կարենան առանց վիզայի Ատրպէյճանի մէջ մնալ երեսուն օր։

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019