ԱԿԱՆՋԱԿԱԼՆԵՐԸ ՎՏԱՆԳ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ

Գիտնականներ կը զգուշացնեն, որ անլար ականջակալները վտանգաւոր են առողջութեան համար եւ կրնան քաղցկեղ պատճառել։ Անլար՝ Bluetooth-ով աշխատող ականջակալները վնասակար են առողջութեան համար, քանի որ մարդու ուղեղէն շատ փոքր հեռաւորութեան վրայ ճառագայթող ելեկտրամագնիսական ալիքները մեծ վտանգ կը սպառնան մարմինին: Այս կարծիքը յայտնած է Ռուսաստանի Փլեխանով տնտեսագիտական համալսարանի հաղորդակցութեան ամպիոնի վարիչ տոց. Ալեքսանտր Թիմոֆէեւ։

«Եթէ ընդունինք, որ ռատիօալիքներու մէջ կան այդ ականջակալներու աշխատանքի հիմքին գտնուող ելեկտրամագնիսական ճառագայթներ, ապա վնաս, հաստատապէս, կայ: Մարդու նեարդային համակարգի գործունէութիւնը նոյնպէս ելեկտրամագնիսական դրսեւորումներ ունի, եւ բնութեան մագնիսական տատանումներէն տառապող անձերու թիւը հետզհետէ կ՚աճի միայն», մեկնաբանած է Թիմոֆէեւ։

Մօտաւորապէս քառասուն երկրի մէջ արդէն գիտնականներ կը պնդեն, որ անլար ականջակալները կրնան ուղեղի քաղցկեղ յառաջացնել:

Խնդիրը սա է, որ Bluetooth-ը ելեկտրամագնիսական վտանգաւոր դաշտի աղբիւր է, որ իր բնութագրերով կը նմանի միքրօալիքային ճառագայթման: Այդ իսկ պատճառով ականջակալներու ճառագայթին մէջ գլխուն շատ մօտ տարածութեան վրայ կրնայ վնասակար ըլլալ:

Միւս կողմէ, ականջակալը շարունակ օգտագործելու պարագային բջիջները չեն վերականգնուիր: Ըստ վիճակագրութեան մը՝ MP3 նուագարկիչով իւրաքանչիւր 10-րդ երաժշտութիւն լսողը՝ անկախ տարիքէն, լսողութեան խանգարում ունի:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020