ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍԷՐ Է»

«Հայաստանը սէր է». Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի նոր նախաձեռնութիւնը։

Այսուհետեւ, Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային վայրերուն կարելի է աւելի յաճախ հանդիպիլ համացանցի մէջ «Հայաստանը սէր է», «Հանգստացիր Հայաստանի մէջ», «Visit Armenia», «Armenia Love» «հեշտեկ»ներով։ Սոյն արշաւի նախաձեռնողն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան, որու նպատակն է ներկայացնել հայկական մշակոյթը, զբօսաշրջային վայրերը, հոգեւոր արժէքները, սնունդն ու աւանդութիւնները։ Արշաւի առաջին կանգառը Արցախն է։ Ընտրուած է վեց վայր, որոնք կը ներկայացնեն Արցախի պատմութիւնը, հոգեւոր, պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնն ու բնութեան հրաշալիքները։

Արցախի մէջ Աննա Յակոբեանը լուսանկարած է Գէորգ Պերկուպերկեան։ Լուսանկարներու մշակումը իրականացուցած է Գայիանէ Կապոյեան, ոճաբանն է Արմէն Կալեան, վարսայարդարները՝ Անահիտ Դադայեան, Ռուզաննա Մուսայէլեան (Արցախ), իսկ դիմայարդարը՝ Անուշ Խանումեան (Արցախ)։

«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին Աննա Յակոբեանի մամուլի խօսնակը՝ Յասմիկ Յարութիւնեան կը նշէ, որ նկարահանումներու ընթացքին նոր գաղափարներ առաջացած են եւ Արցախը նորովի կը ներկայացնեն՝ արդէն նոր գոյներով ու վայրերով։

«Շատ խորհրդանշական է, որ արշաւը կը մեկնարկէ Արցախով, քանի որ իւրաքանչիւր հայու համար «ազատ Արցախ» հասկացողութիւնը ոգեշնչող է եւ ուժ կու տայ անոր։ Կայ այնպիսի տպաւորութիւն, թէ որեւէ գործ, որ կը նախաձեռնես Արցախէն՝ դատապարտուած է յաղթանակի։ Արշաւի մեկնարկի համար ընտրուած է վեց վայր՝ պայմանով, որ կրկին կը վերադառնանք Արցախ եւ կը ներկայացնենք Արցախի իւրահատուկ շունչն ու բնութիւնը», ըսաւ Յասմիկ Յարութիւնեան՝ նշելով, որ առաջին շարքով ներկայացուած է Արցախի Դադիվանք վանական համալիրը, Զուար գիւղի մէջ գտնուող «Տաք ջուր» զբօսաշրջավայրը, Տիգրանակերտի թանգարանը, «Հունոտի կիրճ» բնապատմական արգելոցը, Շուշիի գորգերու թանգարանն ու Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը։

«Արշաւի նպատակն է ներկայացնել Հայաստանն ու Արցախը որպէս հանգիստի լաւագոյն վայր, ուր կարելի է հանգստանալ բնութեան գիրկին մէջ, այցելել տեսարժան վայրեր, վայելել համեղ խոհանոցը։ Յատկանշական է, որ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանին մէջ վարչապետի տիկինը արցախեան խոհանոցի զարդը համարուող «Ժենգեալով հաց» թխած է արցախցի Վալիա տատիկի հետ միասին։ Իսկ Շուշիի գորգերու թանգարանի լուսանկարներուն մէջ ներկայացուած են արցախեան գորգերու գեղեցկութիւնը, պատմական արժէքն ու կարեւորութիւնը»։

Յասմիկ Յարութիւնեան կը նշէ, որ արշաւը վաղուց կը ծրագրէին իրականացնել, սակայն մեկնարկը զուգադիպեցաւ համավարակի տարածման շրջանին հետ։ «Համավարակը մարտահրաւէր է ամէն երկրի համար եւ մեծ վնաս կը հասցնէ յատկապէս զբօսաշրջութեան։ Շատեր չեն գիտեր, թէ մեր երկրին մէջ որքա՜ն գեղեցիկ վայրեր, պատմական արժէքներ կան։ Ցաւօք, բայց նոյնիսկ մեզմէ շատեր ալ լաւ չեն ճանչնար մեր հայրենիքի թաքնուած անկիւնները։ Արշաւի նպատակն է աջակցիլ զբօսաշրջութեան, որպէսզի մեր հայրենակիցները իրենց հանգիստը առաւելապէս անցընեն հայրենիքի մէջ, իսկ սահմանները բաց-ւելէ յետոյ նաեւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկները վայելեն մեր երկրի գեղեցկութիւնն ու իւրայատկութիւնը»։

Յարութիւնեան կը շեշտէ, որ «Հանգստացիր Հայաստանի մէջ» արշաւի շրջանակէն ներս ալ Աննա Յակոբեան հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած սկզբունքին եւ կը կրէ բացառապէս հայկական արտադրութեան հագուստ եւ զարդեր։

«Այս արշաւի ծրագրման ժամանակ մեզ ոգեշնչեց նաեւ մեր մէկ այլ նախաձեռնութեան յաջող ընթացքը։ Արդէն երկու տարիէ ի վեր վարչապետի տիկինը «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ», «Կրենք հայկականը» «հեշտեկ»ներով արշաւ կ՚իրականացնէ եւ կը ներկայացնէ հայ ձեւագծողներու աշխատանքը։ Բազմաթիւ ձեւագծողներ նշած են, որ այս արշաւը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է․ այժմ հայկական վաճառանիշները աւելի յայտնի են եւ աւելի մեծ պահանջարկ ունին», եզրափակեց Յասմիկ Յարութիւնեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020