ԱՆՆԱ ՉՈՒԼԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը արդէն ունի նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Աննա Չուլեանի։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան երէկ գրադարանի անձնակազմին ներկայացուց նորընտիր տնօրէնուհին։ Ներկայ էին նաեւ փոխ-նախարար Նարինէ Խաչատուրեան եւ նախարարի օգնական Դաւիթ Դանիէլեան։

Արայիկ Յարութիւնեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հրաչեայ Սարիբեկեանին, որ մինչ այդ կը կատարէր տնօրէնի պաշտօնը։ Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ այժմ Աննա Չուլեան գրադարանը պիտի գլխաւորէ՝ ջանքերը կրկնապատկելով ծառայելու համար անոր հիմնական նպատակներուն։ 

Շնորհաւորելով նորընտիր տնօրէնուհին՝ Հրաչեայ Սարիբեկեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց գրադարանի աշխատակազմին հետ տարուած համատեղ աշխատանքներուն համար։

Աննա Չուլեան յայտնեց, որ իրեն համար պատիւ մըն է ներկայ պաշտօնը ստանձնելը։ Ան կը գիտակցի պատասխանատուութեան աստիճանը եւ աշխատանքի ծաւալը։ «Գրադարանի մէջ չեն աշխատիր պատահական մարդիկ, կ՚աշխատին նուիրեալներ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ինչքան որ ալ փորձագիտութիւնները զարգանան՝ մարդը կը մնայ գերագոյն արժէք։ Հայաստանի Ազգային գրադարանը մշակոյթի ոլորտէ ներս շատ լուրջ ռազմավարական կառոյց մըն է։ Իւրաքանչիւրը պէտք է գիտակցի, թէ իր փոքրիկ ներդրումով, իր գործունէութեամբ կը նպաստէ ազգային ժառանգութեան պահպանման ու ծանօթացման։

Աննա Չուլեան բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է եւ ունի տոցենթի կոչում։ Ան Հայաստանի Թուային գրադարաններու ընկերակցութեան նախագահն է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020