ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԴԱՐՁԵԱԼ 1500-Ի ՇԵՄԷՆ ՎԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ պարզած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 98 հազար 231 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1502 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 24 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 887։ Ներկայ դրութեամբ 811 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։ Այսպէսով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, երկար ժամանակ վերջ Թուրքիոյ մէջ օրական կտրուածքով նոր վարակումներու թիւը 1500-ի շեմէն վեր ելաւ։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ ցայսօր կատարուած քննութիւններու թիւը անցած է 6.5 միլիոնի շեմը։ Նոր վարակեալներու թիւի նուազեցումը այժմու պայքարի ամենակարեւոր թիրախն է։ Այս նպատակին հասնելու համար նպաստ մը պիտի ըլլայ նախազգուշական միջոցներու հնազանադութիւնը։ Նախարարը վստահութիւն յայտնեց, թէ ժահրը ի վերջոյ պիտի պարտուի։

Միւս կողմէ, Ներքին գործոց նախարարութիւնը համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ձեռք առաւ կարգ մը յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ։ Այսպէս, երկրի 14 քաղաքներէն ներս հարսանիքները պիտի աւարտին առաւելագոյնը մէկ ժամուան ընթացքին։ Նախարարութեան շրջաբերականին մէջ ընդգծուած է, որ խնդրոյ առարկայ քաղաքներէ ներս, հանդիսասրահներու պարագային նստարանները որոշ կանոնի մը համաձայն պիտի շարուին եւ պարելը արգիլուած պիտի ըլլայ։ Այս քաղաքներուն մէջ 65 տարեկանէ վեր եւ 15 տարեկանէ վար քաղաքացիները հարսանիքներու պիտի չկարողանան մասնակցիլ։ Նկատի ունենալով, որ շուտով պիտի սկսի 2020-21 կրթական շրջանը՝ համաճարակի վերաբերեալ ամբողջ իրադրութիւնը կ՚արժեւորուի այս համայնապատկերին վրայ։ Վիճակագրական բոլոր տուեալները կը դիտարկուին նաեւ վերամուտի տեսանկիւնէն։ Սա նուրբ փուլ մըն է եւ ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրները, նոյնպէս Թուրքիան առաւելագոյնը կ՚ընէ, որպէսզի կրթութիւնը վերսկսի նուազագոյն ռիսքերով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020