ԼՈՒՐՋ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սերկէյ Շոյկու Պաքուի մէջ հաւաստիացուց, թէ Ռուսաստանի գործողութիւնները ուղղուած չեն Ատրպէյճանի դէմ։ Պաքու մեկնելէ առաջ Սերկէյ Շոյկու Մոսկուայի մէջ հիւրընկալած էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը։ Սերկէյ Շոյկուի երէկուան այցելութեան զուգահեռ՝ այսօր Մոսկուա կ՚այցելէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած բախումներէն վերջ Ռուսաստան թափ տուած է կողմերու հետ շփումներուն։

Շոյկու Պաքուի մէջ դիտել տուաւ, որ ռուսական կողմը տագնապով հետեւած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադարձութիւններուն։ «Եւ գիտենք այն տագնապները, որոնք առկայ են մեր ռազմական խարիսխներու թռիչքի հետ կապուած։ Կ՚ուզեմ ըսել՝ մեր բոլոր գործողութիւնները երբեք դէմ չեն եղած եւ այսօր ալ չեն Ատրպէյճանի՝ մեր հարեւանի եւ մեր գործընկերոջ։ Ռուսաստան շահագրգռուած չէ Անդրկովկասի մէջ լարուածութեան սրման», ըսաւ Շոյկու։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020