ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՎԱՐԴԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ ներկայացուցած է Սպիտակ տան Վարդերու պարտէզի՝ գրեթէ վաթսուն տարուան ընթացքին առաջին բարեկարգման աշխատանքներու արդիւնքները։ Ան, իր «թուիթըր»ի օգտահաշիւին վրայ ներկայացուցած է Սպիտակ տան Վարդերու պարտէզի՝ գրեթէ 60 տարուան ընթացքին առաջին վերանորոգման աշխատանքներու արդիւնքները։

Բարելաւման աշխատանքներէն յետոյ պարտէզի կեդրոնական հատուածին ստեղծուած է կանաչապատ տարածութիւն մը, իսկ կողմնակի հատուածներուն՝ կրաքարային սալաքարերով նոր ուղիներ։

Պարտէզին մէջ առաւելաբար կան սպիտակ վարդեր։ Բարելաւման աշխատանքներու ընթացքին պարտէզէն հեռացուցած են տասն խնձորենի, քանի որ ստուերած են այգիի միւս ծաղիկները։ Անոնք տեղափոխուած են Սպիտակ տան ջերմոցը։

Մինչ այդ, առաջին տիկինին նպատակն է պարտէզը վերադարձնել իր նախկին տեսքին՝ Ճոն Քենետիի նախագահութեան տարիներուն։ Այդ թուականներուն պարտէզը ձեւագծած էր բարերար Ռէյչըլ Լամպըրթ Մելոն։

Մելանիա Թրամփ եւ փոխ-նախագահ Մայք Փենս բարեկարգուած ու իր արմատներուն վերադարձուած Վարդերու պարտէզին մէջ պիտի կազմակերպեն ընդունելութիւն մը, իսկ Հանրապետական ազգային համագումարի ընթացքին առաջին տիկինը ելոյթ պիտի ունենայ իր պարտէզէն: Սպիտակ տունը չէ հրապարակած բարեկարգման աշխատանքներու համար ծախսուած գումարին քանակութիւնը, սակայն, ըստ հաղորդման, գումարը գանձատրուած է մասնաւոր նուիրատուութիւններու հաշիւէն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020